Լիբանանեան LBCI յառաջատար կայանի լրագրողական խումբը, որ օրերս հասած է Արցախ նոյնպէս թիրախ դարձած է Ատրպէյճանեան կրակներուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ LBCI կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ լրագրողական խումբը նկարահանումներու համար այս առաւօտ ողղուած էր դէպի Մարտունի, ուր եւ թիրախ դարձած է թշնամի կողմի հրթիռակոծումներուն։
Մինչեւ այս պահը լրագրողներուն իրավիճակին կամ վիրաւորուած ըլլալուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր։
Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ժամերուն թիրախ դարձած էին նաեւ ֆրանսական AFP-ի , ինչպէս նաեւ Le Monde պարբերականի լրագրողները։