Պէյրութը ցնցած մեծ պայթումին հետեւանքով զոհերուն թիւը հասաւ 137-ի։
Այս մասին առաւօտուն յայտարարեց Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, յայտնելով, որ վիրաւորներուն թիւն ալ հասած է 5 հազարի։
Նախարարը նաեւ հաստատեց, որ նախարարութիւնը ամէն ճիգ կը գործադրէ՝ նեցուկ կանգնելու համար Պէյրութի հիւանդանոցներուն հարկ եղած բուժումները իրականացնելու համար։
Նախարարը նաեւ նշեց, որ Պէյրութի օդակայան սկսան հասնիլ Լիբանանի բարեկամ երկիրներու կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւններ, որոնց մեծ մասը առողջապահական սարքեր, ինչպէս նաեւ դեղորայք եւ յարակից պարագաներ են։
Յիշեցնենք, որ իրավիճակի բարելաւման համար Պէյրութի մէջ յառաջիկայ ժամերուն պիտի ստեղծուին «դաշտային հիւանդանոցներ», տրուած ըլլալով, որ վիրաւորեալներու մեծ թիւ ըլլալուն հետեւանքով հիւանդանոցները յայտնուած են բաւական բարդ դրութեան մը մէջ։