image

Լիբանան վազեց «Հարիրիի համար»

Լիբանան վազեց «Հարիրիի համար»

Երէկ առաւօտեան Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ  տարեկան բարեգործական մարզական ձեռնարկը` «Մարաթոն Պէյրութ»ը, հազարաւոր լիբանանցիներու եւ քաղաքական, արուեստի ու լրագրական ոլորտներու ներկայացուցիչներու  մասնակցութեամբ:

Վարչապետ Հարիրիի հրաժարակաի հետեւանքով ստեղծուած տագնապը մարզական այս իրադարձութեան քաղաքական բնոյթ տուած էր: Մասնակիցներէն շատեր Հարիրիի նկարով պաստառներ շալկած էին, որոց միջոցաւ կը պահանջէին Հարիրիի վերադարձը Լիբանան, այն բանէն ետք, երբ նախագահ Աուն կոչ ըրած էր «Պէյրութի մարաթոն»ի մարզական առիթը վերածել Հարիրիին զօրակցութեան առիթի մը:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի «Պէյրութի մարաթոն»ին մասնակցած էր նաեւ այդ օրերուն նոր նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին: Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած էր, թէ Լիբանանի վիճակը շատ լաւ է եւ պէտք է դէպի «ապագայ նայիլ»: