image

Լիբանան. Գրանցուեցաւ «Քորոնա»ով մահացող երրորդ պարագան

Լիբանան. Գրանցուեցաւ  «Քորոնա»ով  մահացող  երրորդ պարագան

Լիբանանի մէջ գրանցուեցաւ «Քորոնա» վարակով  մահացած   երրորդ պարագան։

Այս  մասին տեղեկութիւնը  հաղորդեց    lebanon 24    կայքը, նշելով նաեւ, որ  մահացողը կը գտնուէր Ժըպէյլ  քաղաքի  «Սայիտաթ  ալ մահունաթ»  հիւանդանոցին  մէջ։

Մահացածը  70-ը  անց  տղամարդ մըն էր, որ օրեր առաջ  փոխադրուած էր հիւանդանոց։

Նշենք, որ  այսպիսով  Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով զոհուածներուն  թիւը   կը հասնի 3-ի, իսկ վերջին տուեալներուն   համաձայն   վարակակիրներու ընդհանուր թիւը հատած է 60-ը։