Տխուր դէպք մը գրանցուած է Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան դիմատետրի էջէն։
Մանրամասնութիւններուն մէջ «Քովիտ»ով հիւանդ 72-ամեայ քաղաքացի մը, որ հերթական բուժում կը ստանար, ինքզինք վար նետած է հիւանդանոցի իր սենեակի պատուհանէն ու տեղւոյն վրայ մահացած։
Կը նշուի, որ հիւանդը մերժած է լսել հիւանդանոցի մարմիններու յորդորները, ինչպէս նաեւ այդ մարմիններուն կողմէ նշանակուած հոգեբոյժին խորհուրդները։
Դէպքի վայր հասած է ոստիկանութեան խումբ, որ կը ձեռնարկէ պիտանի աշխատանքներ։