image

Հայաստանի մէջ «Քովիտ»ի երրորդ ալիքն է. Իրավիճակը բարդ է

Հայաստանի մէջ  «Քովիտ»ի երրորդ ալիքն է. Իրավիճակը բարդ է

Միանշանակ մենք 3-րդ ալիքի գագաթնակէտին ենք, այս պահուն ունինք աւելի քան 20 վերադիմափոխուած հիւանդանոց «Քորոնա» ժահրի բուժման համար: Բաւականին լուրջ է իրավիճակը, հերթի մէջ ունինք հիւանդներ, որոնք կարիք ունին հիւանդանոց տեղափոխման: Այս մասին Կառավարութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ նշած է ԱՆ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոն տնօրէնի տեղակալ Գայիանէ Սահակեանը:

Անդրադառնալով պատուաստանիւթի շուրջ առկայ քննարկումներուն՝ Սահակեանը նշած է, որ դեռ անցած տարի ստեղծուած է COVAX FACILITY նախաձեռնութիւնը, ուր միաւորուած են այն երկիրները, ուր ազգաբնակչութիւնը եւ արտադրող ընկերութիւններու հետ պայմանագրեր կնքելու հնարաւորութիւնը քիչ է: Սահակեանը նշած է, որ ՀՀ-ին առաջարկուած առաջին պատուաստանիւթը եղած է Pfizer պատուաստանիւթը, որ, սակայն, պէտք է պահուէր -70, -80 աստիճանի պայմաններու մէջ, որ  հնարաւոր չէր:

«Ինչ վերաբերում է AstraZeneca տեսակի պատուաստանիւթին, դա COVAX FACILITY-ի երկրորդ պայմանագրին է, եւ հաշուի առնելով վարակման նոր դէպքերը, մեզ համար շատ կարեւոր էր հնարաւորինս շուտ ունենալ պատուաստանիւթ»,-ըսած է Սահակեանը եւ աւելցուցած, որ 24 000 պատուաստանիւթը ռիսքի խումբի համար է:

«Նախատեսում ենք Երեւանում ապրիլի 7-8-ից սկսել պատուաստումը, իսկ մարզերում կարող է մի փորք ուշանալ»,- ըսած է Սահակեանը, եւ մէջբերելով Եւրոպայի դեղերու գործակալութեան եւ ԱՀԿ-ի յայտարարութիւնները AstraZeneca-ի մասին, աւելցուցած է՝ գիտական տուեալները կը խօսին AstraZeneca-ի օգտին:

Ինչ կը վերաբերի «Սփութնիք V»  պատուաստանիւթ ներկրելուն, Սահակեանն ըսած է, որ ՌԴ-ի հետ բանակցութիւնները չեն աւարտած, կարելի է ըսել՝ պայմանագիրը ստորագրուած է, կը սպասեն նոր խմբաքանակի: