Վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, ըստ որոնց առաջիկայ օրերուն Դամասոս-Երեւան յատուկ թռիչք մը պիտի իրականացուի։
«Արեւելք» նախանձախնդիր ըլլալով իր ընթերցողներ իրազեկել ստեղծուած կացութեան եւ հաւանական զարգացումներուն մասին դիմեց Սուրիա-Հայաստան թռիչքներ իրականացնող Sham Wings ընկերութեան, որմէ ալ ստացաւ համապարփակ պատասխան Դամասկոս-Երեւան թռիչքներու ճակատագրին վերաբերեալ։
Ըստ մեր ունեցած տուեալներուն, մինչեւ ընթացիկ ՝ Ապրիլ ամսուան աւարտը Դամասկոսէն Երեւան բոլոր թռիչքները առկախուած են անորոշ ժամանակով, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Դամասկոսի միջազգային օդակայանը Սուրիոյ պետութեան կողմէ ձեռք առնուած միջոցներուն անսալով փակած է իր դռները ցնոր տնօրինութիւն։
Մեր աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Դամասկոսի կողմէ տնօրինուելիք առաջիկայ քայլերը կապուած են «Քորոնա» վարակի ընդհանուր իրավիճակին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Սուրիոյ քաղաքացիական- օդային կապի վարչութիւններու միջեւ առկայ համաձայնութիւններուն եւ որոշումներուն հետ։