image

Կարեւոր.Մինչեւ Ապրիլ ամսուան աւարտը Դամասկոս- Երեւան թռիչքներ տեղի պիտի չունենան

Կարեւոր.Մինչեւ Ապրիլ  ամսուան   աւարտը   Դամասկոս-  Երեւան թռիչքներ տեղի   պիտի չունենան

 Վերջին  օրերուն  շրջանառութեան մէջ  դրուեցան  լուրեր,  ըստ որոնց    առաջիկայ օրերուն   Դամասոս-Երեւան     յատուկ  թռիչք մը պիտի իրականացուի։

  «Արեւելք»   նախանձախնդիր  ըլլալով    իր ընթերցողներ իրազեկել     ստեղծուած  կացութեան եւ հաւանական  զարգացումներուն  մասին դիմեց   Սուրիա-Հայաստան  թռիչքներ իրականացնող    Sham Wings  ընկերութեան, որմէ  ալ  ստացաւ  համապարփակ   պատասխան  Դամասկոս-Երեւան       թռիչքներու  ճակատագրին  վերաբերեալ։

 

 Ըստ  մեր ունեցած  տուեալներուն, մինչեւ   ընթացիկ  ՝ Ապրիլ  ամսուան  աւարտը  Դամասկոսէն Երեւան        բոլոր   թռիչքները  առկախուած են անորոշ  ժամանակով, տրուած ըլլալով նաեւ, որ    Դամասկոսի  միջազգային օդակայանը   Սուրիոյ պետութեան կողմէ     ձեռք առնուած միջոցներուն    անսալով փակած է իր դռները  ցնոր  տնօրինութիւն։

 

 

 Մեր  աղբիւրը նաեւ կը  հաղորդէ, որ  Դամասկոսի  կողմէ  տնօրինուելիք   առաջիկայ  քայլերը  կապուած են    «Քորոնա»  վարակի   ընդհանուր իրավիճակին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու՝  Հայաստանի եւ Սուրիոյ   քաղաքացիական- օդային   կապի  վարչութիւններու   միջեւ  առկայ  համաձայնութիւններուն  եւ որոշումներուն հետ։