Հայաստանի մէջ 24 մարտին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 1164 նոր դէպք, առողջացած է 313 քաղաքացի, մահացած է՝ 14-ը: Վերջին օրերու ամենամեծ թիւն արձանագրուած էր 19 մարտին՝ 1071 դէպք:
Մէկ օրուան մէջ կատարուած է 5775 քննութիւն: Քննութեան ընդհանուր թիւն այսպիսով հասած է 817406-ի:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
Հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 186184 դէպք, որոնցմէ 169485-ն առողջացման, 3398-ը՝ մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 12436 հիւանդ:
Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 3 դէպք, երբ հիւանդներն ունեցած են «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 865 է:
ՀՀ կառավարութեան՝ 11 յունուարի որոշման համաձայն, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան տարածման վտանգը նուազեցնելու նպատակով 2020 թուականի 11 սեպտեմբերէն մինչեւ 2021 թուականի 11 յունուարը սահմանուած քարանթինը երկարաձգուած է մինչեւ 11 յուլիս։