Ազգային արժէքներու պահպանութեան «ԿԱՄՔ» հասարակական նախաձեռնութիւնը հետամուտ է իր սկսած շարժումը տանիլ աւարտի հեռացնելով Արայիկ Յարութիւնեանը Կրթութեան եւ Գիտութեան նախախարի պաշտօնէն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «ԿԱՄՔ»ին մօտիկ կանգնած աղբիւրէ մը։
Նշենք, որ նախաձեռնութիւնը երէկ տուած էր մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելով ընդհանուր դրութիւնը ու հանրութեան բացատրելով այն դրդապատճառներուն մասին, որոնք կը ստիպեն պահանջել Արայիկ Յարութիւնեանի նախարարի պաշտօնէն զրկելու կարեւորութիւնը։
Յիշեցնենք, որ «ԿԱՄՔ» նախաձեռնութիւնը նոյն պահանջով բողոքի մեծ հաւաք-երթ մը պիտի կազմակերպէ յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին։