Հայկական արժէքներու պաշտպանութեան «ԿԱՄՔ» հասարակական նախաձեռնութիւնը անթոյլատրելի կը համարէ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան կողմէ տարուող ապազգային գործողութիւնները:
«Ուստի «ԿԱՄՔ»-ը կ'առաջարկէ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին` մինչեւ սոյն թուականի 23 օգոստոսը, ժամը 23:00-ը, մեկնարկել Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան հայեցակարգային յստակ բարեփոխումներ:
Այս առիթով` կը յորդորենք անյապաղ կազմակերպել հանրային լսումներ, հրապարակային քննարկումներ հայեցի դաստիարակութեան, հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդման մասնագէտներու եւ բուհերու ուսանողներու հետ:
Եթէ նշուած ժամկէտին մէջ նախարարը չբաւարարէ մեր պահանջը, մենք կը պատրաստուինք նախաձեռնել անոր հրաժարականի պահանջի անժամկէտ պայքար, որուն հնարաւոր բոլոր հետեւանքներուն ողջ պասխանատւութիւնը կ'իյնայ ՀՀ Կառավարութեան խիղճին վրայ»,- նշուած է նախաձեռնութեան յայտարարութեան մէջ։