image

«ԿԱՄՔ»ը կը նախաձեռնէ Կրթութեան նախարարի հրաժարականի պահանջ

«ԿԱՄՔ»ը կը նախաձեռնէ Կրթութեան նախարարի հրաժարականի պահանջ

Հայկական արժէքներու պաշտպանութեան «ԿԱՄՔ» հասարակական նախաձեռնութիւնը անթոյլատրելի կը համարէ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան կողմէ տարուող ապազգային գործողութիւնները:

«Ուստի «ԿԱՄՔ»-ը կ'առաջարկէ  նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին` մինչեւ սոյն թուականի 23 օգոստոսը, ժամը 23:00-ը, մեկնարկել Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան հայեցակարգային յստակ բարեփոխումներ:

Այս առիթով` կը յորդորենք անյապաղ կազմակերպել հանրային լսումներ, հրապարակային  քննարկումներ հայեցի դաստիարակութեան, հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդման մասնագէտներու եւ բուհերու ուսանողներու հետ:

Եթէ նշուած ժամկէտին մէջ նախարարը չբաւարարէ մեր պահանջը, մենք կը պատրաստուինք նախաձեռնել անոր հրաժարականի պահանջի անժամկէտ պայքար, որուն հնարաւոր բոլոր հետեւանքներուն ողջ պասխանատւութիւնը կ'իյնայ ՀՀ Կառավարութեան խիղճին վրայ»,- նշուած է նախաձեռնութեան յայտարարութեան մէջ։