image

Մեծ թիւով վրացիներ կը պահանջեն ԱՄՆ դեսպանին երկրէն վտարումը

Մեծ թիւով վրացիներ կը պահանջեն ԱՄՆ դեսպանին երկրէն վտարումը

5 Յուլիսին, Թիֆլիսի մէջ կայանալիք ԼԳԲՏ աքթիւիսթներու եւ անոնց կողմնակիցներու շքերթի հակառակորդները յայտարարած են, որ 4 Յուլիսին վրաններ պիտի տեղադրեն Ռուսթաւելի պողոտային վրայ, որպէսզի խափանեն այդ արշաւը, հաղորդած է vz.ru-ն։

«Երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հասարակութեան» ներկայացուցիչ Գուրամ Պալաւանտիշվիլին յայտարարած է, որ «Վրաստանի ժողովուրդի կամքը կ'ենթադրէ, որ քաղաքացիները պէտք չէ թոյլ տան արժանապատուութիւնը ոտնահարող ադ երթի կայացումը»:

Ըստ հաղորդման՝ այսօր Պալաւանդիշվիլին եւ անոր կողմնակիցները հանրահաւաքներ իրականացուցած են ԱՄՆ-ի դեսպանատան եւ Վրաստանի մէջ Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան մօտ՝ պահանջելով երկրէն արտաքսել այդ դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչները։

«Մեզի համար կարեւոր են ընտանիքը, աւանդոյթները։ Մի՛ ծեծէք անոնց (շքերթի մասնակիցները), պարզապէս հեռացուցէք այստեղէն»,- իր հերթին, յայտարարած է վրացի գործարար, միլիոնատէր Լեւան Վասաձէն։