Ալին Քէքլիքեան-Համամճեան մայր է երկու զաւակներու: Ան մէկն է այն հարիւրաւոր հալէպահայ մայրերէն, որոնք պատերազմը ապրեցան բոլոր մանրամասնութիւններով: Ալին նախ կը սկսի պատմել իր տխուր յուշերը Հալէպէն ու կ'ըսէ. «Պատերազմի սկիզբը շատ կը ցաւէի, երբ հալէպահայեր կը լքէին Հալէպը: Շատ լաւատես էի, բայց երբ սկսանք տառապիլ անգործութենէ, ես ալ սկսայ մտովին հարցադրումներ տալ. ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վերջը եւ ինչքա՞ն կրնանք դիմանալ այս վիճակով»: Ալին, չուզելով հեռանալ Հալէպէն, շարունակած է մաքառիլ ծանրագոյն պայմաններուն տակ, նոյնիսկ երբ վտանգը մօտեցած է անոնց ապրած շրջանին: Այդ դժբախտ պահերուն մասին պատմելով կ'ըսէ. «Օր մը, երբ այլեւս չկրցայ «օղակ»ի մէջ պահել փոքր Նարեկիս՝ արտոնեցի, որ խաղալիքները առնէ եւ սկսի խաղալ տան պատշգամբը: Յանկարծ Նարեկը խուճապով ներս վազեց: Դէմքի դեղնութենէն գիտցայ, որ վտանգ մը անցուցած էր: Ուրեմն դիպուկահարի հսկայ քանի մը կապարներ ինկած էին Նարեկիս ետին: Այս մէկը հիմնական պատճառ դարձաւ Հալէպէն հեռանալու մեր որոշումին»:
Ալին Հալէպէն շատ հեռու ափեր չէր ուզեր երթալ, հետեւաբար ընտրած էր ամէնէն մօտ եղող ապահով ապաստանը՝ Քեսապը, որ կը գտնուի Սուրիոյ ծովեզերեայ բաժինը: Քեսապ, հակառակ Հալէպէն հեռու ըլլալուն, աւելի ծանր վտանգներու ենթակայ էր, ըլլալով թրքական սահմանին մօտ, ուրկէ աւելի ուշ ահաբեկիչներ կը մտնէին գիւղ՝ Ալինի տղափոխումէն ամիսներ առաջ: Իմ զրուցակիցս, յիշելով Քեսապի անորոշութեամբ եւ մութ ապագայով պսակուած օրերը, կը պատմէ. «Քեսապի մէջ որոշ չափով հեռու էինք պատերազմի արհաւիրքէն, հակառակ անոր, որ տակաւին բարբարոսական պատերազմի հետքերը կային շէնքերուն վրայ: Երբեք օտար չզգացինք մենք մեզ, մանաւանդ երբ Քեսապի հայ աւետարանական համայնքը իր թեւերը լան բանալով հիւրընկալեց մեզ ապահով եւ տաքուկ մթնոլորտ ապահովելով: Որոշ չապով համակերպած էինք նոր կեանքին, մինչեւ այն ատեն, որ վտանգը վերստին վերադարձաւ Քեսապ, երբ զինեալերը սկսան դարձեալ հրթիռակոծել գիւղը»:
Ալինին դիմաց մէկ ճամբայ կար, որուն միջոցով պիտի գծէր իր եւ ընտանիքին ապագան, այն ալ արտագաղթն էր: Անոր ընտանիքը, շատ մը սուրիահայ ընտանիքներու նման արտագաղթի դուռ մը չունէր: Ան յատուկ պարագայ մըն է, բոլոր սուրիահայերուն մէջէն, որովհետեւ անհնար նկատուած արտագաղթը դարձաւ իրականութիւն՝ օտար գանատահայու մը շնորհիւ: Այս մասին խօսելով ան կը պատմէ. «Երբ սկսան Քեսապը վերստին հրթիռակոծել, ստիպուեցանք երկու ծրագիր գծագրել մեր մտքին մէջ: Առաջինը՝ Հալէպ վերադառնալն էր, որ շատ մեծ սարսափ յառաջացուց զաւակներուս ներաշխարհին մէջ: Երկրորդը՝ արտագաղթն էր, որ իր կարգին անհնար քայլ մըն էր մեզի համար: Աղօթքէ բացի ուրիշ ճար չունէինք: Յանկարծ դիմատետրի ճամբով գանատահայ մը հետս ծանօթանալ ուզեց, որպէսզի օգնութեան ձեռք երկարէր մեզի Գանատա տեղափոխուելու համար: Մենք ընդունեցինք իր ըրած առաջարկը եւ կրնամ ըսել, որ հրաշքով կրցանք հասնիլ Մոնթրէալ»:
Ալին եւ իր ընտանիքը լոկ աշխարհագրական հեռու տեղ մը չէին գացած , այլ անոնք այդ քայլը ըրած էին պատերազմի տեւողութեան, իրենց մէջ կուտակուած սուր մղձաւանջէն թելադրուած: Անոնք վճռած էին հեռանալ, համոզում մը, որ այսօր ալ կայ մեծ թիւով հալէպահայերու մտքերուն մէջ: Խօսակիցս, կոչ մը ընելով բոլոր հալէպահայերուն, կ'ըսէր. «Հազարաւոր մարդիկ նահատակուեցան, հազարաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան, հազարաւոր մարդիկ տեղահան եղան,
հազարաւոր մարդիկ անտուն մնացին եւ այս բոլորին դիմաց ամբողջ աշխարհը
լուռ կը դիտէ...
«Ճակատագիր» ըսուած բան չկայ: Դուն կ'որոշես քու «Ճակատագիրդ» .. Ոչ մէկ անձ, թող չհամոզէ քեզ, որ այս խօսքը սխալ է: Աստուած բարի ծրագիր մը ունի քեզի համար: Ան չուզէր խաբուած մնաս եւ մեռնիս, այլ ապրիս, գոյատեւես եւ իր կամքը կատարես...»:
Այս տողերով Ալին իր կոչը ուղղեց հալէպահայութեան եւ ուզեց հարցազրոյցը փակել յուսալով, որ իր ձայնը կը հասնի մեծ թիւով ընթերցողներու:
Յովիկ Շէհիրեան