Իրաքի մէջ շարունակուող հակակառավարական ցոյցերու ժամանակ զոհուածներու թիւը հասած է մօտ 100-ի: BBC News-ի փոխանցմամբ՝ այս տուեալները հաղորդած է երկրի խորհրդարանի մարդու իրաւունքներու հարցով յանձնաժողովը:
երէկ արդէն հինգերորդ օրն էր, որ չեն դադարած բողոքի ցոյցերն ու բախումները Պաղտատի մէջ: Կը հաղորդուի, որ անվտանգութեան ուժերը կրկին մարտական փամփուշտներ կիրառած են:
Ցուցարարները նշած են, որ իրենք կը պայքարին գործազրկութեան, անբարեխիղճ հանրային ծառայութիւններու եւ փտածութեան դէմ:
Բողոքի ցոյցերը կ'ընկալուին որպէս առաջին մարտահրաւէր, որուն բախուած է վարչապետ Ատէլ Ապտուլ Մահտիի թոյլ կառավարութիւնն իշխանութեան գալէն մէկ տարի անց:
Իշխանութիւնները փորձած էին ցոյցերը վերահսկել պարետային ժամ սահմանելով կամ համացանցի ամբողջական արգելափակմամբ: Առաւօտեան նախատեսուած խորհրդարանական արտահերթ նիստը չէ կայացած: Ցերեկային պարետային ժամը Պաղտատի մէջ չեղարկուած է, որմէ ետք ցուցարարներու փոքր խումբեր յայտնուած են փողոցները՝ վերսկսելով բողոքի ցոյցերը: