image
Հրատապ լուրեր:

Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով 25-ամեայ զինծառայող զոհուած է

Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով 25-ամեայ զինծառայող զոհուած է

30 Մայիսին` ժամը 22:20-ի սահմաններուն,  ճանապարհային երթեւեկութեան պատահարի հետեւանքով մահացած է ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պայմանագրային զինծառայող, 1992-ի ծնունդ Սուրէն Սուրէնի Այվազեանը:

Արցախի ՊՆ-էն յայտնած են, որ դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: