image

Ինչպէս պիտի բանանք նոր տարին. Արտակարգ տաքացումը աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ

Ինչպէս պիտի բանանք նոր տարին. Արտակարգ տաքացումը աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ

Մելպըռնի համալսարանի օդերեւութաբանները կանխատեսած են, որ ընդհանուր միջին ջերմաստիճանի երկու նիշով բարձրացումը երկրագունդի շատ տարածաշրջաններու մէջ պիտի յանգեցնէ արտակարգ տաքի զգալի սաստկացման, կը յայտնէ Lenta-ն՝ յղում կատարելով Science Alert-ին։

Հետազօտողները ձեւակերպած են երկու սենար՝ առաջինին մէջ տեղի կ'ունենան աշխոյժ արտանետումներ եւ միջին ջերմաստիճանի արագ աճ, երկրորդին մէջ փոփոխութիւնները դանդաղ կ'ընթանան։ Երկու սենարներուն մէջ ալ միջին ջերմստիճանը կը բարձրանայ 1,5-2 աստիճանով՝ ըստ Սելսիուսի։ Կը պարզուի, որ առաջին իրավիճակին մէջ հետեւանքները աղէտալի կ'ըլլան, քանի որ Երկրի շատ տարածաշրջաններու մէջ միջին ջերմաստիճանը կրնայ 1,5-2 աստիճանէն շատ աւելի աճիլ։