Պարզ խորհուրդներ
Միշտ լուալ ձեռքերը օճառով, հետեւիլ անձնական մաքրութեան, ժահրային ախտանշաններ ունեցողներէն հեռաւորութիւն պահպանել. այս եւ շարք մը այլ պարտադիր կանոններ կան, ոչ միայն սովորական ժահրէն, այլ նաեւ «քորոնա» ժահրէն թէկուզ նուազագոյն պաշտպանութիւն ապահովելու համար:
PanARMENIAN.Net – Աշխարհի մէջ տարածուած ու արդէն ՀՀ-ի հարեւան՝ Իրան հասած «քորոնա» ժահրի դէմ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) տուեալներով, դեռ պատուաստ չկայ: Մանաւանդ որ, Ռուսաստանի մօտ Չինաստանի դեսպանը 24 փետրուարին յայտարարած էր, որ իր երկիրը ժահրին դէմ 85-90% արդիւնաւէտութեամբ պատուաստ ստեղծած է, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը այս մասին դեռ որեւէ տուեալ չէ հաղորդած:
ՀՀ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը կը նշէ, թէ վարակը հիմնական կը փոխանցուի վարակուած անձի մը հետ շփման ընթացքին փռշտացած կամ հազացած ատեն, շնչառական կաթիլներու միջոցով:
Ներկայ իրավիճակին, մինչ «քորոնա» ժահրը կը տարածուի աշխարհով ու դեռ աւելին կը մօտենայ ՀՀ սահմանին, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը եւ առողջապահութեան ներպետական կառոյցները կը յորդորեն կիրառել կենցաղային, ամենօրեայ, բայց եւ վարակի հաւանականութիւնը նուազեցնող կանխարգելիչ միջոցներ:
Պարբերաբար լուալ ձեռքերը
«Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու եւ այլ ժահրերով չվարակուելու համար անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութեամբ հետեւիլ ձեռքերու մաքրութեան: Օրը քանի մը անգամ պէտք է լուացուիլ հոսող տաք ջուրով ու օճառով, յաճախ գործածել ալքոհոլ պարունակող քսուքներ: Յատկապէս պէտք է լուացուիլ հասարակական վայրերու մէջ տարբեր առարկաներու դպնալէ, փոխադրամիջոցներու եւ վերելակի մէջ գտնուելէ ետք: Պարտադիր է ուտելէ առաջ եւ յետոյ լուացուիլ:
Եւ նոյնիսկ օրը քանի մը անգամ լուացուելէ յետոյ կարելի չէ ձեռքերը բերնին ու աչքերուն մօտեցնել. անոնց վրայի հնարաւոր մանրէները այդ ճանապարհով աւելի արագ կը ներթափանցեն օրկանիզմ:
Ճիշդ սնունդը
Խորհուրդ չի տրուիր ուտել վայրի կենդանիներէ կամ ծովամթերքէ պատրաստուած ուտեստներ կամ նախուտեստներ: Յատուկ ուշադրութեամբ եւ շատ լաւ պէտք է եփել միսը եւ ձուն: Ժահրներու աշխուժացման շրջանին անհրաժեշտ է օգտագործել սննդարար մթերքներ, կենսանիւթեր, որոնք օգտակար են դիմադրողականութեան: Խորհուրդ կը տրուի օգտագործել շշալցուած ջուր:
Դիմակներու մաքրութիւնը եւ անոնց անհրաժեշտութիւնը
Բժշկական դիմակ անհրաժեշտ է կրել մարդոց մէջ գտնուած ատեն (փոխադրամիջոց, խանութ, շուկայ, հասարակական այլ վայրեր): Տունը դիմակ կրելու կարիք չկայ, եթէ սուր շնչառական վարակով հիւանդ չէք խնամեր: Մանկահասակ երեխաներուն խուրհուրդ չի տրուիր դիմակներ հագցնել, շնչառական խնդիրներ կրնան յառաջանալ։ Դիմակ օգտագործելէ եւ հանելէ յետոյ, զայն ընդհանուր աղբին մէջ թափել կարելի չէ. անհրաժեշտ է կապել մէկ այլ տոպրակի մէջ, յետոյ միայն նետել աղբամանը։ Դիմակը հանելէ յետոյ անհրաժեշտ է անպայման լուացուիլ:
Աձնական մաքրութիւն
Շնչառական որեւէ վարակ ունենալու պարագային անհրաժեշտ է քիթն ու բերանը թաշկինակով ծածկել փռշտացած կամ հազացած ատեն, ժահրը չտարածելու համար: Անձնական մաքրութեան հետ միասին պէտք է տունը օդափոխել նուազագոյնը 20 վայրկեան, փոխել անձեռոցները ամէն օր, օգտագործել մաքրութեան պարագաներ: Ցանկալի է խուսափիլ հանրային զուգարաններէն, եւ եթէ օգտագործէք, ուշադիր ըլլալ:
Զուգարանակոնքը գործածելու ժամանակ, ջուրը քաշելէ առաջ պարտադիր է կափարիչը փակել (եթէ ձեզմէ առաջ զուգարանակոնքը վարակուած մարդ գործածած է եւ զուգարանակոնքի կափարիչը չէ փակած ջուրը քաշած ատեն, վարակուելու հաւանականութիւն կայ, քանի որ ջուրէն մասնիկներ բարձր կը թռչին ու կը մնան օդին մէջ): Պարտադիր է լուալ ձեռքերը: Պարտադիր:
Հետեւիլ առողջութեան
Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը խորհուրդ կու տար առաջիկայ 2 ամսուայ ընթացքին զերծ մնալ դէպի Չինաստան ճամբորդութիւններէ, իսկ որեւէ երկիր այցելելու ժամանակ նկատի առնել այդ երկրի համաճարակային իրավիճակը: Հակառակ որ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը արդէն յայտարարած է, որ ՀՀ ժամանողները կ'անցնին յատուկ ստուգումէ, Առողջապահութեան Նախարարութիւնը խորհուրդ կու տայ ՀՀ վերադառնալէ ետք եւ ժահրային ախտանշաններ ունենալու պարագային ինքնաբուժութեամբ չզբաղիլ եւ դիմել բժիշկի, տեղեկացնելով, թէ ուր եղած էք վերջին 14 օրուան ընթացքին:
Տաքութեան, չոր հազի, շնչառական դժուարութիւններու պարագային, անմիջապէս պէտք է բժիշկի դիմել, նախօրօք զգուշացնելով այդ ախտանշաններու մասին: Ինքնուրոյն մարմնի ջերմաստիճանը իջեցնելու փորձերը կամ հակապիոթիկներ օգտագործելը վարակի պարագային բան չեն փոխեր: Ընդհակառակը՝ կը խանգարեն:
«Քորոնա» ժահրի մասին
«Քորոնա» ժահրի ախտանշանները նման են կրիփի կամ թոքաբորբի նշաններուն. յոգնածութեան զգացում, շնչառութեան դժուարացում, բարձր ջերմութիւն, գլխացաւ:
«Քորոնա» ժահրը կրնայ դրսեւորուիլ նաեւ թեթեւ տարբերակով, անկէ բուժուելու համար մօտ մէկ շաբաթ պետք է: Վտանգաւոր խումբին մէջ են, մինչ այդ ծանր այլ վարակներ ունեցողները, շաքարախտ կամ թոքերու քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցողները: Յատկապէս տարեցներու պարագային վարակը կ'ուղեկցուի յետագայ բարդութիւններով:
Եթէ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին ճամբորդած էք եւ, յատկապէս գտնուած էք «քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքեր ունեցող երկիրներ, ցանկալի է ամէն օր տաքութիւնը չափել, վարակի ախտանշաններ նկատելու պարագային դիմել բժիշկի:
Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Արտաւազդ Վանեանը 24 փետրուարին յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ վարակի դէպքեր չկան, կ'իրականացուին վարակի կանխարգելման համար անհրաժեշտ միջոցառումներ: Ան նշած է, որ այս պահուն ՀՀ-ը ունի «քորոնա» ժահրի յայտնաբերման 600-700 ախտորոշման սրուակներ, կը սպասուի, որ եւս 1000 հատ բերուի: