image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ի մէջ վարակին հետեւանքով քոնկրէսական մը մահացած է

ԱՄՆ-ի մէջ վարակին հետեւանքով քոնկրէսական մը մահացած է

 

ԱՄՆ Հանրապետական կուսակցութիւնը ներկայացնող քոնկրէսական Ռոն Ռայթը մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ ետք:

 

Ինչպէս կը յայտնէ The Hill պարբերականը, վերջինս դարձած է ԱՄՆ Քոնկրէսի առաջին գործող անդամը, որ զոհ գացած է «Քովիտ-19»-ին: Ան կեանքէն հեռացած է 2021 թուականի 7 փետրուարին՝ 67 տարեկան հասակին:

Քոնկրէսականը «Քորոնա» ժահրով վարակուած էր գրեթէ երկու շաբաթ առաջ: Անոր քննութեան դրական պատասխանը ստացած էր 21 յունուարին: Այն ժամանակ ան յայտնել էր, որ իր մօտ աննշան ախտանշաններ կը նկատուին, սակայն իրեն ընդհանուր առմամբ լաւ կը զգայ: Գործիչը կը շարունակէր աշխատիլ տունէն:

Աղբիւրը նշած է, որ 2020 թուականի սեպտեմբերին Ռայթ հիւանդանոց տեղափոխուած էր քաղցկեղի դէմ բուժումէն ետք ի յայտ եկած բարդացումներու պատճառով:

Ռայթ եղած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի կրթութեան եւ աշխատանքի հարցերով յանձնաժողովի անդամ: