Al Arabiya-ն հրապարեկած է յօդուած, ուր կը խօսուի լիբանանեան ներքաղաքական եւ ներտնտեսական խոր ճգնաժամի հետեւանքով անհետացող հայկական արհեստագործական համայնքի մասին:
Հեղինակ Ռոպերթ Մըքքելվէյը խօսած է Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամի, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ պայմանաւորուած սահմանափակումներու եւ 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումներու հետեւանքով օրէ օր տուժող տնտեսութեան եւ այդ իրադրութեան ֆոնին հայ արհեստագործական համայնքի մասին: Յօդուածը հիմնուած է «Պատկեր» մշակութային կեդրոն-սրճարանի սեփականատէր Արփի Մանկասարեանի հետ հարցազրոյցի վրայ:
Ինչպէս նշած է հեղինակը հայկական արհեստագործական համայնքը չի կրնար իրեն թոյլ տալ չաշխատիլ՝ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան տարածմամբ եւ սահմանափակումներով պայմանաւորուած:
«Մէկ տարիէ աւելի տեւող տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ վարակի տարածումը ամէն ինչ աւելի բարդացուցած է»- գրած է հեղինակը՝ աւելցնելով, որ հայկական արհեստագործական փոքրիկ համայնքը այս ամէնուն հետեւանքով կանգնած է վերացման վտանգի առջեւ:
«Արհեստներու վերաբերեալ որեւէ օրէնք չունինք, որ կը նշանակէ, որ անոնք պաշտպանուած չեն պետութեան կողմէ»,– ըսած է NAHNOO հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Մուհամմատ Այուպը:
Ան աւելցուցած է, որ ապրանքներու զգալի մասը կը ներկրուի եւ աւելի մատչելի է, քան տեղական արտադրանքը, բացի այդ տնտեսական այս պայամաններուն մէջ ապրանքարտադրութեան համար նախատեսուած հումքը շատ թանկ է:
NAHOO հասարակական կազմակերպութիւնը 2019 թուականին կազմած է հայկական արհեստագործական համայնքը փրկելու ծրագիր՝ առաջարկելով համայնքի վերակենդանացման շարք մը նախագիծեր: Սակայն Պուրճ Համմուտի հայ արհեստաւորներու մեծ մասը չունի գրանցում ո՛չ Ընկերայիան հարցերու նախարարութեան, ո՛չ Արդիւնաբերութեան նախարարութեան մօտ, ո՛չ ալ գրանցման համար անհրաժեշտ չափանիշներ ունի, որ, իր հերթին, թոյլ չի տար կայուն պայմաններ ստեղծել:
Պուրճ Համմուտի Մարաշ թաղամասին մէջ 2005 թուականէն գործող «Պատկեր» մշակութային կեդրոն-սրճարանի սեփականատէր Արփի Մանկասարեանը, անդրադառնալով վերանշեալ խնդիրներուն նշած է, որ իր նպատակը եղած է ներկայացնել հայկական մշակոյթն ու արուեստները արտասովոր ձեւով, սակայն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք հաստատութիւնը վնասուած է:
«Արուեստներն ու արհեստները ամենաշատը կը տուժեն Լիբանանի տնտեսական անկայունութեան պատճառով, եւ ներքին արդիւնաբերութիւնը չի կրնար մրցակցիլ ներկրուած ապրանքներուն հետ՝ թողելով բացասական հետեւանքներ հայկական համայնքի վրայ» – ըսած է Մանկասարեանը:
«Պատկեր»-ը NAHNOO-ի, ԵՈՒՆԻՏՕ-ի (Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան արդիւնաբերական զարգացման կազմակերպութիւն) եւ այլ կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ յաճախ կազմակերպած է համերգներ, խոհարարական դասընթացներ եւ ցուցահանդէսներ, որոնց մաս կազմած են կեդրոնի արհեստաւորներու աշխատանքները:
Նշենք, որ Պուրճ Համմուտը Լիբանանի հայկական շրջանն է, ուր բոլոր թաղամասերն ու փողոցները կը կրեն հայակական տեղանուններ: Վերջին տարիներուն հայկական բնակչութիւնը նոսրացած է՝ իր տեղը զիջելով սուրիացի գաղթականներուն:
Լիբանանի այս դժուար պայմաններուն մէջ, սակայն, հայկական համայնքի համար աւելի մեծ հարուած էր պատերազմը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, նշած է հեղինակը:
«Աշխարհի հայերը կը կարծեն, որ աշխարհը չէ փոխուած եւ շատ ողբերգութիւններ, ցաւօք սրտի, կրնան նորէն կրկնուիլ, քանի դեռ մարդկութեան հանդէպ ոճիր իրականացնողները չեն պատժուած»,– ըսած է Արփի Մանկասարեանը: Ան նշած է, որ հայերը Լիբանանի մէջ հաստատուած են Հայոց ցեղասպանութենէն ետք՝ ներկայացնելով իրենց մշակութային կեանքն ու ինքութիւնը: Եւ հիմա՝ յատկապէս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած պատերազմէն ետք, հայերը առաւել քան երբեւէ պիտի շարունակեն ստեղծել, վերածնիլ եւ սիրել:
«Հայերուս համար մեր ինքնութիւնը եւ մշակոյթը ապահով տարածութիւն են, ուր մեզի կրնանք զգալ ինչպէս մեր տան մէջ: Յատկապէս Լիբանանի մէջ, ուր հասարակութիւնը բաղկացած է էթնոդաւանաբանական համայնքներէ, հայերը իրենց ապահով կը զգան՝ հակառակ որ կը տարբերին բոլորէն» – նշած է Մանկասարեանը: