Թարթուսի հայերուն համար ամէնէն կարեւոր խնդիրը դպրոց եւ եկեղեցի հիմնելու խնդիրն է: Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեց Թարթուսի մեր աղբիւրը: Ան նշեց, թէ «Մեր ճիգերը ուղղած ենք եկեղեցիի ու դպրոցի մը կառուցման եւ կ'աշխատինք այդ ուղղութեամբ»:
Հալէպի մէջ ստեղծուած իրավիճակին հետեւանքով Թարթուս հաստատուած մեր աղբիւրը ներկայացուց տեղի հայութեան ընդհանուր պատկերը: Ան նշեց, որ Թարթուս փոքր քաղաք մըն է, ուր 30-40 տարուայ համայնք կայ, ըստ աղբիւրին «Նախնական տուեալներով մօտաւոր 80 հայ ընտանիք կայ Թարթուսի մէջ, որոնցմէ կէսը արդէն շատոնց այստեղ հաստատուած են կարելի է անուանել բնիկներ, իսկ միւս կէսը հալէպահայեր են, որոնք պատերազմէն ետք այստեղ հաստատուած են»: Ներկայ պատկերը աւելի յստակացնելու համար, ան յայտնեց, որ նոր մարդահամարի մը պիտի սկսին, մանաւանդ որ այլեւս ունին նորակազմ թաղական խորհուրդ:
Ան շարունակեց, թէ բացի որ հայութեան մեծ մասը կը բնակի Թարթուսի կեդրոնական շրջանին մէջ, կան նաեւ շրջաններուն մէջ բնակողներ, ինչպէս Տահր Սաֆրա, Մաշթալհլու, Սաֆիթա եւ Խրէպաթ արուարձանները: Իսկ Պանիասի մէջ՝ դարձեալ փոքր քաղաք մը, կայ 7 հայ ընտանիք:
Իսկ ինչ կը վերաբերի այն մտավախութիւններուն, որ կը դիմակայէ Թարթուսի հայութիւնը, ան ամփոփեց զանոնք երեք հիմնական կէտերու մէջ.- «Մեր գլխաւոր մտավախութիւններն են՝ ձուլումը, հայերէն լեզուի չիմացութիւնը, եւ ի վերջոյ տնտեսական ծանր վիճակը»:
Ապա մանրամասնելով պատճառները ան նշեց, թէ հայկական կեդրոններու, ակումբներու եւ կամ նոյնիսկ հաւաքներու չգոյութիւնը, պատճառ դարձած են, որ բնիկ թարթուսցի շատ մը հայ ընտանիքներ բռնեն ձուլման ճամբան, կնքելով խառն ամուսնութիւններ, եւ բնականաբար, այդ պիտի յանգեցնէ, որ նորահաս սերունդները հայախօս չըլլան ու հայերէն չիմանան:
Խօսելով դպրոցներու չգոյութեան մասին ան մատնանշեց, որ «Դժբախտաբար Հայկական եկեղեցի չկայ, ոչ առաքելական եւ ոչ ալ այլ հայ համայնքի պատկանող: Ինչպէս սովորութիւնն է, հայ եկեղեցւոյ կից միշտ հայ դպրոցը կ'ըլլայ, ուրեմն հայ դպրոց ալ չունինք»:
Լեզուի կարեւորութեան մասին ան մասնաւորապէս ըսաւ «Տունէն ներս այո կրնանք պահապանել հայերէնը, բայց շրջանակին մէջ ոչ տակաւին, հետեւաբար այդ ուղղութեամբ սկսաւ գործ տարուիլ: Ունինք վարձուած կեդրոն մը, առաջնորդարանի թարթուսահայոց կեդրոնը, պիտի ջանանք ձեռնարկել որոշ հաւաքներ եւ մշակութային ձեռնարկեր, նաեւ դասընթացքներ, յուսալով կազմակերպել գաղութը»:
Աղբիւրը ընդգծեց, թէ ներկայ վիճակէն ելլելով, թերեւս գերագոյն մտավախութիւնը տնտեսական ծանր վիճակն է: Սուրիական թղթոսկիի անկումը, ամերիկեան պատժամիջոցները վատ ազդած են ընդհանուր թարթուսահայերու վիճակին վրայ, թէ՛ Հալէպէն եկողներուն եւ թէ՛ բնիկներուն: Արդէն սկսած է աւելնալ կարիքաւոր ընտանիքներու թիւը: Ճիշդ է, որ թարթուսահայերու զբաղումները զանազան են, բայց վաճառականութեամբ զբաղողները կամ վաճառատուներու տէրերը, կամ հայկական արհեստներով զբաղուողները՝ ինչպէս նկարչութեամբ, կամ ժամագործութեամբ, կը տառապին խանութներու բարձր վարձքերէն, իսկ գործաւորներուն համար՝ իրենց եկամուտով ապրուստ ապահովելու պայմանները շատ դժուար են:
Աղբիւրը յայտնեց, թէ հազիւ սկսած էին հաւաքներ ծրագրել ու կազմակերպուիլ, դժբախտաբար ամէն ինչ դադրեցաւ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով, որովհետեւ վարակակիրներու թիւը սկսաւ բարձրանալ: Ան աւելցուց «Այսօրուայ պաշտօնական տուեալներով՝ Սուրիոյ մէջ ընդհանուր վարակակիրներու թիւը թեւակոխեց 600-ը»:
Աւարտին ան եզրափակեց ըսելով « Յոռետես չենք, միշտ ալ յոյս ունինք, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, թէեւ գետնի վրայ վիճակը այդպէս չի ներշնչեր, բայց Աստուծմէ յոյսը չի կտրուիր»: