Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ.
ԱՄՆի կողմէ Քասէմ Սոլեյմանիի ահաբեկութեան շուրջ եղան և կը շարունակուին հրամցուիլ բազմապիսի քննարկումներ, նախատեսութիւններ: Ըստ իս, այս վերջին քայլը պէտք է դիտել մէկ ընդհանուր պարունակի մէջ, որուն արմատները պէտք է փնտռել նաև Միացեալ Նահանգներու ներքին քաղաքական բեմի իրադարձութիւններուն մէջ: Հոն, շատ անակնկալներ չկան:
Բացայայտ իրականութիւն է թէ Իրանը - իր տարածաշրջանի դաշնակիցներով - գլխաւոր մտահոգութիւն է Իսրայէլի համար: Միւս կողմէ, վերջին մէկ-երկու տարիներուն ընքացքին իր ստացած ներ-քաղաքական գրոհներուն պատճառով, Թրամփի վարչակարգը Փրօ-Իսրայէլեան լոբբիի անմիջական և ամբողջական զօրակցութեան կարիքը ունի, այս վերջինը (որ մինչև 10-15 տարի առաջ առաւելաբար Դեմոկրատ թէքում ունէր) իրեն մօտիկ պահելու համար: Առանց այս վերջինի զօրակցութեան, այս հանգրուանին Թրամփի վերընտրութիւնը վտանգուած է: Իսկ Փրօ-Իսրայէլեան ուժերը արդէն հասկցած են թէ վիրաւոր Թրամփը գանձ է իրենց համար, ու առաւելագոյնս օգտուելու առիթ: Ուստի, մէկ կողմէն իրենց Դեմոկրատ բարեկամներուն ճամբով կը տկարացնեն Թրամփը և զինք խոցելի կը դառձնեն, իսկ միւս կողմէն կը շահարկեն այս վերջինի տկարացումը: Մէկ խօսքով` շատ խելացի և ազդեցիկ ռազմավարութիւն:
Եւ այսպէս, Երուսաղէմը Իսրայէլի «մայրաքաղաք» ճանչնալէն մինչև Կոլանի բառձրունքներու Իսրայէլեան ներկայութեան ԱՄՆի նուիրականացումը, Փրօ-Իսրայէլեան լոբբին քաղեց Թրամփէն աւելի քան երբևէ կրնար երևակայել: Եւ այսօր հերթը հասած է Իրանին, որպէսզի այս վերջինը տնտեսապէս յոգնած` վերջնականապէս տեղի տայ: Այս օրը հետեւողականօրէն կը պատրաստուէր վերջին երկու տարիներուն ընթացքին:
Ուստի, եթէ կ'ուզէք հասկնալ թէ ԱՄն-Իրան յարաբերութիւններուն ի՞նչ կը սպասէ յաջորդ ամիսներուն, պէտք է հասկնալ թէ մինչև նախագահական ընտրութիւններ, Թրամփի վարչակարգը պիտի ընէ ամէն ինչ որպէսզի Իրանեան «սպառնալիք»ը անհետանայ, և որպէսզի Իրանը անկարող ըլլայ Իրաքի և Սուրիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալել, ու նաև Հըզպոլլային տարատեսակ օժանդակութիւն հասցնել: Իրանի վրայ ճնշումը նուազագոյն չափով պակսեցնելու պարագային, Թրամփը կը կորսնցնէ Փրօ-Իսրայելեան զօրակցութիւնը, ինչ որ կրնայ շատ սուղ արժել Թրամփի վերընտրական նկրտումներուն համար
Այս բոլորը կը նշանակէ թէ յաջորդ մէկ տարուան ընթացքին` կամ Իրանը կատարեալապէս պէտք է տեղի տայ, կամ կատարեալապէս պէտք է խաբէ ու ժամանակ շահի յուսալով թէ ԱՄՆի մէջ նախագահ կը փոխուի, և կամ ալ Իրանի դէմ մնայուն և մագլցող հարուածներն ու ճնշումները յաւելեալ թափ պիտի ստանան: Իսրայէլը հասկցած է թէ իր ձեռքը ինչպիսի պատեհութիւն անցած է, ու զայն վստահաբար ու բնականաբար պիտի օգտագործէ մինչև հոն ուր կարելի է: