image

«Իմ պարտականութիւնս է ամէն ինչ ընել ազգիս ու Հայրենիքիս համար». Կիրակոս Գույումճեան

«Իմ պարտականութիւնս է ամէն ինչ ընել ազգիս ու Հայրենիքիս համար». Կիրակոս Գույումճեան

28 յունիսին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է քուէթաբնակ հալէպահայ գործարար, գրող, հրապարակախօս Կիրակոս Գույումճեանը:

Նախարարը կարեւորած է անոր հայանպաստ, ազգասիրական գործունէութիւնը համայնքի եւ Հայրենիքի մէջ, մասնաւորապէս, անդրադառնալով  յայտնի գործարարի բարեգործական ծրագիրներուն եւ հրապարակախօսական աշխոյժ գործունէութեան:

Քննարկուած են Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման, երիտասարդներու հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուած է սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցութեան աշխուժացման:

Կիրակոս Գույումճեանը նախարարին նուիրած է իր «100 տարի ցեղասպանութենէն վերականգնում», «Կայաններ եւ դիրքորոշումներ» գիրքերը եւ հրապարակախօսական շարք մը յօդուածներ, որ տպագրուած են հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով:

Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է զրոյցի համար, եւ նշած, որ նախարարութիւնը բաւականին աշխոյժ կ'աշխատի սփիւռքի համախմբման, հայրենասիրական ոգին բարձր պահելու ուղղութեամբ.  «Սփիւռքի նախարարութիւնը ինծի համար մօտ ու հարազատ կառոյց է, եւ Ձեր աշխատանքը շատ կարեւոր է: Իմ պարտականութիւնս է ամէն ինչ ընել ազգիս ու Հայրենիքիս համար»,- աւելցուցած է ան:

 

Աղբիւր՝ «Հայերն Այսօր»