Հայոց պատմութեան մէջ կան դէմքեր, որոնց շուրջ ձեւաւորուած ընկալումները ժամանակի ընթացքին խոր փոփոխութիւններ կրած են։ Անոնք երբեմն ներկայացուած են իբրեւ վիճելի, երբեմն՝ իբրեւ հերոսական կերպարներ, իսկ յաճախ ալ դարձած են մեր ներկայի քաղաքական եւ մտաւորական բանավէճերուն հայելին։ Այդպիսի կերպարներէն մէկն է Պապ թագաւորը, որուն արժեւորման շուրջ քննարկումները այսօր եւս կը շարունակեն արդիական հնչել։
Պատմական կերպարներու վերարժեւորումը միայն անցեալին վերաբերող հարց չէ։ Անիկա նաեւ կը բացայայտէ, թէ տուեալ ժամանակաշրջանի հասարակութիւնը ի՛նչ արժէքներ կը փնտռէ իր պատմութեան մէջ, ինչպիսի՛ հերոսներ կը ստեղծէ եւ ինչպիսի՛ քաղաքական կամ ազգային իմաստներ կը վերագրէ անոնց։ Այս առումով Պապ թագաւորի կերպարին շուրջ բացուած բանավէճը կը դառնայ ոչ միայն պատմագիտական, այլեւ՝ ներկայ ժամանակի ինքնաճանաչման հարց։
Այս մասին օրերս գրառում մը կատարած է հանրայայտ պատմաբան Դոկտ. Արա Սանճեանը։
Երկու տարի առաջ, Երեւանի մէջ հրապարակային ելոյթ ունեցայ «Յարափոփոխ անցեալի» պատմագիտական մօտեցումը եւ հայոց պատմութեան փոխուած ընկալումները» նիւթին վերաբերեալ։ Բերած օրինակներէս մէկն ալ Պապ թագաւորի մասին հայ մտաւորականութեան ընկալումներուն փոփոխութիւնն էր՝ ԺԹ. դարու վերջէն սկսեալ։ Եթէ մինչ այդ՝ հետեւելով Պապին ժամանակագրականօրէն մօտիկ կանգնած Փաւստոս Բուզանդի եւ Մովսէս Խորենացիի մեկնաբանութիւններուն, ան հայ հանրութեան՝ պատմութեան դասագիրքերու մէջ եւ այլուր, առաւելաբար բացասական գոյներով կը ներկայացուէր, դրութիւնը գրեթէ 180 աստիճանով փոխուեցաւ Ի. Դարուն։ Պապ թագաւորի նոր, դրական մեկնաբանութիւնը հանրայնացաւ յատկապէս Ստեփան Զօրեանի Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ գրած համանուն վէպով, որ մինչեւ օրս տասնեակ հազարաւոր, գուցէ՝ աւելի, մարդիկ կարդացեր են, ներառեալ ես՝ երբ պատանի էի։
Ըստ իս, Պապի արժեւորման կտրուկ շրջադարձը պատմագրութեան մէջ «փոխակերպիչ վերանայման» կարեւոր օրինակ է, երբ ԺԹ. դարու հայութեան մօտ ինքզինք առաւելապէս իբրեւ երկնային արքայութեան ձգտող կրօնական համայնք տեսնելը՝ աշխարհիկանանալով եւ արդիականանալով, փոխակերպուեցաւ մշակութային ազգայնականութեան եւ ապա՝ ինքնիշխան ազգ-պետութեան ձգտող գաղափարախօսութեան։ (Սա, իհարկէ, համաշխարհային լայն գործընթացի մը մէկ օղակն էր։) Նոյն տասնամեակներուն, նման կտրուկ շրջադարձի ենթարկուեցան Պապի հօր՝ Արշակ թագաւորի, Վասակ Սիւնիի եւ գուցէ եւս ուրիշներու արժեւորումները։
Ելոյթէս ետք, հարցուպատասխանի ժամանակ, երիտասարդ ուսանողուհի մը քաջաբար արտայայտեց իր դժգոհութիւնը՝ քանի որ՝ իր խոստովանութեամբ, ինք շատ կը սիրէր Պապ թագաւորը եւ այն տպաւորութեան տակ էր, թէ ես հայութիւնը կը զրկէի իր հերոսներէն։ (Բնականաբար, փոփոխութիւնները մատնանշելը հերոսազրկում կամ հերոսագողութիւն չէ, բայց կրնայ այդպէս թուիլ եթէ պատմութեան նայինք միա՛յն իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւնը գտնելու միջոց եւ պատմութեան մէջ փնտռենք անփոփոխ գնահատականներ։) Պատասխանս այդ գովելի ուսանողուհիին հռետորական էր. «Դուն ո՞ր Պապը կը սիրես. Փաւստոսի եւ Խորենացիի՞ Պապը թէ՞ Ստեփան Զօրեան Պապը»...
Հիմա՝ Նիկոլ Փաշինեանի դարաշրջանին, երբ Պապը կ’առանձնացուի իբրեւ իտէալական միջնադարեան հայ արքայ մը, արդեօք ի՞նչ ճանապարհով, ո՞ր գիրքերը կարդալով վարչապետ Փաշինեանի եւ իրեն հետեւող շրջապատին մօտ գոյացած է Պապի մասին այս հիացական ընկալումը։ Ինչքանո՞վ անոնք ծանօթ են Պապի մասին հայ պատմագրութեան ընթացքին։ Որո՞նք են իրենց համար Պապին վերագրուող արժանիքները։ Ինչո՞ւ պէտք է հպարտանալ Պապով, իր գործունէութիւնը ներկայացնել որպէս ուղենիշ։ Պատմութիւնն, ի վերջոյ «անվերջ բանավէճ է» (“History is an argument without end.”