image

Մեսրոպեան վարժարան–AUST գործակցութիւն՝ դէպի համալսարանական նոր հորիզոններ

Մեսրոպեան վարժարան–AUST գործակցութիւն՝ դէպի համալսարանական նոր հորիզոններ

Պէյրութի Հայ Կաթողոկէ Մեսրոպեան վարժարանն ու AUST-ը ստորագրեցին գործակցութեան համաձայնագիր՝ ի նպաստ աշակերտներու զարգացման եւ բարձրագոյն ուսման

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը, կրթական գերազանցութեան իր յանձնառութեան մէջ կարեւոր նոր հանգրուան մը արձանագրեց՝ գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրելով American University of Science and Technology-ի՝ AUST-ի հետ։ Այս գործընկերութիւնը նոր հեռանկարներ կը բանայ Մեսրոպեանի աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, շրջանաւարտներուն եւ ծնողներուն առջեւ։

Ստորեւ այդ համաձայնագրին մասին վարժարանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝

Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ AUST-ի համալսարանական համալիրին մէջ՝ Մեսրոպեան վարժարանի Տնօրէն՝ Տիար Կրէկուար Գալուստի եւ American University of Science and Technology-ի նախագահ Տոքթ. Ռիատ Ֆ. Սաքըրի կողմէ։

Այս գործակցութեան շնորհիւ Մեսրոպեանի աշակերտները պիտի օգտուին մասնագիտական ակադեմական ծրագիրներէ, կրթական սեմինարներէ եւ ուղղորդման ծառայութիւններէ, որոնք պիտի մատուցուին AUST-ի մասնագէտներուն կողմէ։ Այս նախաձեռնութիւնները նպատակ ունին ամրապնդելու աշակերտներուն ակադեմական կարողութիւնները, զանոնք ծանօթացնելու համալսարանական միջավայրին եւ լաւագոյնս պատրաստելու բարձրագոյն ուսման անցումին։

Գործընկերութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ երկու հաստատութիւններուն միջեւ համատեղ ծրագիրներու իրականացման, յատկապէս աշակերտներու մասնակցութեամբ համայնքային ծառայութեան գործունէութիւններու։ Այս փորձառութիւնները աշակերտներուն պիտի ընծայեն արժէքաւոր առիթներ՝ զարգացնելու քննադատական մտածողութիւնը, խմբային աշխատանքի կարողութիւնը, առաջնորդական ոգին եւ գործնական հմտութիւնները։

Միւս կողմէ, Մեսրոպեանի ուսուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը պիտի օգտուին մասնագիտական վերապատրաստման ծրագիրներէ, որոնք յատկապէս պիտի մշակուին AUST-ի կողմէ։ Վարժարանը նաեւ պիտի կարենայ օգտուիլ համալսարանի ենթակառոյցներէն եւ կրթական աղբիւրներէն՝ այսպիսով աւելի հարստացնելով իր ակադեմական միջավայրը։

Այս համաձայնագիրին գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկը կրթաթոշակներու ծրագիրն է։ Մեսրոպեանի բոլոր շրջանաւարտները՝ նախկին թէ ապագայ, ինչպէս նաեւ պաշտօնէութիւնը, ուսուցիչները եւ անոնց անմիջական ընտանիքի անդամները, AUST արձանագրուելու պարագային պիտի օգտուին BA/BS եւ MA/MS ծրագիրներու ուսման վարձերուն վրայ 25 առ հարիւր զեղչէ։

Բացի այդ, ակադեմական փայլուն արդիւնքներ արձանագրած աշակերտները պիտի կարենան դիմել գերազանցութեան կրթաթոշակներու, որոնք պիտի տրամադրուին Լիբանանի պետական Պաքալորէայի պաշտօնական քննութիւններուն կամ SAT-ի արդիւնքներուն հիման վրայ։ Ամենաբարձր արդիւնքներ արձանագրած ուսանողներուն համար այս կրթաթոշակները կրնան հասնիլ մինչեւ ուսման վարձի 100 առ հարիւր ծածկման։

AUST-ի նման առաջատար հաստատութիւններու հետ ամուր գործընկերութիւններ զարգացնելով՝ Մեսրոպեան Հայ Կաթողիկէ վարժարանը՝ Լիսէ եւ Բարձրագոյն Արհեստագիտական հիմնարկ, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ իր շրջանաւարտներուն ընկերակցելու համալսարանական ուսման եւ մասնագիտական յաջողութեան ճանապարհին՝ դասարաններու սահմաններէն անդին։

Մեսրոպեանի մէջ կրթութիւնը չի չափուիր միայն այն տարիներով, զորս աշակերտները կ՚անցընեն հաստատութեան յարկին տակ, այլ նաեւ այն կարելիութիւններով, որոնք կը բացուին անոնց առջեւ՝ երբ անոնք կը հեռանան վարժարանի դռներէն։