«Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, եւ հրապարակախոս Յակոբ Աւետիքեան այսպէս պատասխանած է «Արեւելք»-ի՝ Արամ Աթէշեանի Հայաստան ժամանման վերաբերեալ դիտարկումին. «Իմ խորհուրդս Պոլսոյ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդին պիտի ըլլար, որ ընդհանրապէս չժամանէ Հայաստան՝ Էջմիածնի մէջ Հռոմի Պապի այցելութեան արարողութեանը մասնակցելու: Ուստի, հանրութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցը արդար եւ սպասելի իրողութիւն մըն է, ժողովուրդը, բնականաբար, իր դժգոհութիւնն ու անհամաձայնութիւնը պիտի արտայայտէ Աթէշեանի ըրած յայտարարութեան վերաբերեալ, մանաւանդ, որ նոյն դժգոհութիւնը կայ նաեւ պոլսահայ համայնքի մէջ: Իսկոյն, յայտարարութեանը հետեւեցաւ Պոլսոյ պատրիարքութեան կրօնական ժողովի հաղորդագրութիւնը, ընդ որում նշուած է, որ յետայսու այսպիսի յայտարարութիւններ չկատարած հարկ է աւելի լայն շրջանակներու մէջ ժողովի դնել խնդրոյ առարկան: Պոլսոյ մէջ Համայնքային պատասխանատուներու մարմինէն զատ կայ նաեւ Կալուածոց խորհուրդը, հետեւաբար պէտք է հաշուի առնել նաեւ անոնց կարծիքը»:
Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցին, թէ Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածինը ինչպիսի՞ դիրքորոշում կրնայ ունենալ այս առումով, Աւետիքեան ըսաւ.
«Այս պայմաններուն մէջ, սուրբ Էջմիածինը չի կրնար պատրիարքութեան փոխանորդին արքութեան տիտղոսը վերցնելով պաշտօնազուրկ ընել զինք, սակայն կրնայ ծայրագոյն պատիժը սահմանել անոր նկատմամբ, որն է՝ կարգալոյծ հռչակելը: Բայց տուեալ իրավիճակին ներքոյ, չեմ կարծեր, որ Մայր Աթոռը այդպիսի քայլ մը ձեռնարկելով սրէ յարաբերութիւնները, ես անձնապէս, միշտ մտավախութիւնն ունեցած եմ, որ Թուրքիան կրնայ խառնակչութիւն ստեղծել պոլսահայ համայնքին մէջ, ինչը ընդհանրապէս մեզի պէտք չէ, քանի որ ատիկա պոլսահայութեան նոր արտագաղթի դուռ մը կրնայ բանալ, որը մեր ազգային շահերէն չի բխիր: Յամենայնդէպս, չեմ ենթադրեր որ Մայր Աթոռը նման որոշում կայացնէ՝ ինչպէս` չսրելու համար յարաբերութիւնները, այնպէս ալ՝ Թուրքիոյ ամբոխին զայրոյթը չհրահրելու», - ըսաւ Աւետիքեան՝ ամփոփելով իր տեսակէտն այն մասին: