«Lebanon 24» լրատուական կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր կ'անդրադառնայ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջորդած շրջանին Պիքաայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն:
Կայքը կը գրէ, թէ հակառակ անոր, որ նախքան ընտրութիւնները «Հըզպալլա» կը գիտակցէր անոր հետեւանքները, սակայն անվտանգութեան առումով ամէն բան այլ ընթացք ստացաւ:
Պիքաայի մէջ ծայր առին գերդաստանական բախումները, որոնք քանի մը օր առաջ իրենց սրման գագաթնակէտին հասան Ճաաֆար եւ Ճամալ ընտանիքներու միջեւ, այն աստիճան, որ տեղի ունեցածի համարեա' պատերազմական իրավիճակի վերածուեցաւ:
Կայքը նշած է, որ «Հըզպալլա»ի կարծիքով, տեղի ունեցածը լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ կազմակերպուած շինծու իրավիճակ է, նախ «Հըզպալլա»ի շարքերուն մէջ պառակտում ստեղծելու նպատակով, ապա միջազգային ու տեղական լրատուամիջոցներուն մօտ պատկերացում առաջացնելու, թէ վերջինս անկարող է իր շարքերը կառավարելու:
Ըստ որոշ աղբիւրներու, «Հըզպալլա» Պաալպաքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն առաջքն առնելու նպատակով մեծ լիազօրութիւններ շնորհած է տարածքի պատգամաւորներուն:
Նշուած աղբիւրները համոզուած են, որ «Հըզպալլա» տեղեկութիւններ ունի այն մարմիններուն մասին, որոնք կաշառքներու միջոցով կը հովանաւորեն այս խառնակ իրավիճակը:
«Հըզպալլա»ի հակառակորդներուն կողմէ տարածուած այլ տեսակէտի համաձայն, վերջինս բախումներու սկզբնական շրջանին անհնազանդութիւններ կատարողները պաշտպանած է, այնուհետեւ ձգտած է տարածքը մաքրել անոնցմէ, բան մը, որ պատճառ դարձած է նման զարգացումներու: