image

Հոմսի հայութիւնը դանդաղ քայլերով կը վերագտնէ իր անդորրը. Տ.Արմաշ Եպս. Նալպանտեան

Հոմսի հայութիւնը դանդաղ քայլերով կը վերագտնէ իր անդորրը. Տ.Արմաշ Եպս. Նալպանտեան

Դամասկոսի Թեմի  Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան «Արեւելք»ին,   իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին   կարեւոր   տեղեկութիւններ փոխանցեց   Հոմսի, Մաշթա Ալ Հըլուի եւ Թարթուսի հայութեան   մասին:

 


 

«Հոմսի  մէջ ահաբեկիչները  մեր  եկեղեցւոյ շէնքը  բժշկական կեդրոն դարձուցած էին»,-յայտնեց Դամասկոսի Թեմի  առաջնորդ  Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան  հարցազրոյցին ընթացքին: Սրբազան  հայրը  նաեւ  նշեց, որ   եկեղեցւոյ նկուղային բաժինը, որ աշակերտական հանդէսներու համար իբրեւ սրահ կ'օգտագործուէր, վերածուած էր դաշտային հիւանդանոցի, ուր ամէն տեսակի բուժումներ տեղի կ'ունենային, նոյնիսկ բարդ վիրահատութիւններ՝ ամենաարդիական սարքերով, որոնք գողցուած էին պետական հիւանդանոցներէ: «Գետնայարկի սենեակները, որոնք դպրոցի դասարաններն էին՝ դեղարաններու, բուժօգնութեան և քննութեան սենեակներու վերածուած էին: Եկեղեցին ալ ըստ երեւոյթին քնանալու տեղ դարձած էր: Իսկ ուսուցչաց սենեակը՝ մզկիթի կերպարանք ստացած էր»,- աւելցուց  Տ. Արմաշ Սրբազան:

«Արեւելք»-ի զրուցակիցը նշեց, թէ Հոմսի ազատագրումէն ետք, երբ քաղաք այցելեցին, Տահէշի սեւ դրօշակները զետեղուած էին ամենուրէք: Ինչպէս նաև՝ թաղերը որմազդներով լեցուած էին, ուր  նշուած էր աղօթքի ժամանակացոյցը:

«Դպրոցի գրատախտակներուն վրայ աղօթքի ժամերն ու ձեւերը գրուած էին: Կային նաեւ «ճիհատ»ի («Սրբազան  պատերազմ» -խմբ.) սկզբունքները բացատրող գրութիւններ»,-ըսաւ  Արմաշ Սրբազան:

«Ազատագրումէն վերջ, երբ պատուիրակութեամբ մը  Հոմս այցելեցինք, մեր առաջին մտահոգութիւնն էր՝ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի վերանորոգութիւնը: Ճիշտ է, որ  եկեղեցին  չէր քանդուած ահաբեկիչներու կողմէ, սակայն պետական զօրքերը  ստիպուած եղած էին ռմբակոծել շէնքը մինչեւ  շրջանին ազատագրուիլը»:

Սրբազան հայրը  նաեւ յիշեցուց, որ Հոմսի  Սբ. Մեսրոպ եկեղեցին կապուած է Դամասկոսի թեմին: Եկեղեցւոյ կառոյցը արտաքնապէս սովորական շէնքի մը տեսքը ունի եւ  կը գտնուի թաղերու մէջ և այդ իսկ պատճառով՝ զերծ մնացած է ահաբեկիչներու ծանր հարուածներէն: Նոյն շէնքին մէջ կը գտնուի նաևԱզգային Սահակեան վարժարանը:

 

 

«Նախքան սուրիական ճգնաժամը,  Հոմսի մէջ կը բնակէին 110 հայ ընտանիքներ: Անոնց մէջ կային բժիշկներ, արհեստաւորներ և զանազան մասնագիտութիւններ ունեցող ազգայիններ: Սակայն ազատագրումէն վերջ, քանի մը անգամ այցելեցինք քաղաք, և երբ տեսանք հոն եղող հայ ընտանիքներու յուսալքուած վիճակը, անոնց քանդուած, կողոպտուած և աղտոտած բնակարանները, մեր առաջին նիւթական օժանդակութիւնները տրուեցան ընտանիքներուն»,-բացայայտեց Սրբազան Նալպանտեան:

«Քաղաքին 70 առ 100-ը քանդուած էր: Հին Հոմսը կիսաւեր վիճակ ունէր, որուն մաս կը կազմէին քրիստոնէական և հայկական թաղերը: Հոն մեր նիւթական օժանդակութիւնը կատարեցինք 43-45 ընտանիքներու, իսկ քանի մը ամիս յետոյ՝ 60 ընտանիքներու:Վերջին անգամ 70 ընտանիքներէ աւելի  ընտանիքներ օժանդակութիւն ստացան, նկատի ունենալով որ 10-էն աւելին հոմսցի չէին. տարիներու ընթացքին Ռաքքայէն և Թատմորէն տեղափոխուած էին Հոմս: Քանի մը անգամ օգնութիւն բաժնելէ ետք նկատեցի որ մեր ժողովուրդը հոգեպէս քիչ մը հանգստացած է»,-ակնարկեց Սրբազան հայրը:

Ան նաեւ ըսաւ, որ տեղւոյն հայերը պատերազմի օրերուն կրցան մօտակայ գիւղեր ապաստանիլ, ի մասնաւորի Զայտալ եւ Ֆերուզէ գիւղերը, որոնք 4-5 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին, ոմանք ալ նախընտրեցին 50 քմ հեռաւորութեան վրայ, լեռներու մէջ գտնուող՝ քրիստոնէական Մաշթա ալ Հլուն:

«Նոր ծրագրի մը ձեռնարկած ենք, որուն համար կը փնտռենք բարերարներ, ոչ միայն հայորդիներ, այլ Սուրիոյ տարածքին կամ դուրսը ապրող բարերարներ: Ծրագիրը կը կոչուի «Մէկ սենեակ մէկ ընտանիքի» (One room One family) անունով եւ կը միտի իւրաքանչիւր տնակորոյս ընտանիքին տուն տրամադրել: Այն ընտանիքները, որոնք նախկինին ունէին 2,3,4 սենեականոց բնակարաններ և այժմ վարձքով կ'ապրին գիւղերու մէջ, գոնէ  պիտի կրնան իրենց անձնական տան մէկ սենեակը կանոնաւոր կերպով ամբողջովին նորոգել, եւ   բոլոր պահանջները բաւարարող ձևով, իրենք ալ իրենց կարգին վարձքի փոխարէն մնացեալ սենեակները մէկ առ մէկ կը նորոգեն, որովհետեւ ամբողջ տունը նորոգելը մեր ուժերէն վեր է»,- յայտնեց  Արմաշ Սրբազան:

«Հոմսի պատերազմը շատ թէժ  էր ու երկար. թաղային կռիւներ ալ տեղի ունեցած են մինչ Հալէպի պատերազմի սկսիլը, ճակատը հոն էր: Հիմա ոչ ոք կը լսէ Հոմսի մասին: Ինչպէս բոլորը գիտեն, Սուրիոյ շէնքերը կողք-կողքի, իրար կպած, ահաբեկիչները մէկուն պատը ծակելով միւսին անցած են եւ գրեթէ բոլոր տուները մտած են: Վերնայարկի տուները աւելի վնասուած են ռումբերու եւ պայթումներու հետեւանքով, իսկ մնացեալ տուները մտած ու կողոպտած են  եւ ապրած են մակաբոյծի պէս, բարբարոսական ձևով. տան մէջ քնանալէ և աղտոտելէ ետք, ձգած և ուրիշ բնակարան տեղափոխուած են:  Քաղաքին  մէջ նախնադարեան վիճակ կը տիրէր: Զարմանալին այն էր, որ միայն կողոպուտի համար չէին մտնէր տուները, այլ անխելքօրէն վնասելու. կան տուներ, որոնց կահոյքը օգտագործելու և ծախելու փոխարէն՝ կոտրած ու այրած են, որպէս  ջերմանալու  միջոց»:

Մեր զրուցակիցը տեղեկացուց նաեւ, թէ երբ իմացան, որ Հոմսի ընտանիքներէն մի քանին ապաստան հաստատած են Մաշթա ալ Հլու, կապ ստեղծած են անոնց հետ եւ գացած այցելութեան:

 

«Մաշթա ալ Հլու շրջանը Սուրիոյ  պետական  բանակին հսկողութեան տակ է. բնակիչները հիմնականին մէջ  կը հետեւին յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ, իսկ արաբներն ալ ծայրայեղ չեն. ուստի ահաբեկիչները հոն իրենց յարմար ենթահող չեն գտած, մեծ բախումներ չեն եղած, բացի մանր-մունր մի քանի դէպքերէ: Մաշթա ալ Հլուի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ քահանան ըստ մեր խնդրանքին եկեղեցին տրամադրեց մեզի եւ2014-ի օգոստոս ամսուան ընթացքին, Ս. Աստուածածնայ տօնին առթիւ, խաղողօրհնէքի արարողութիւն կատարեցինք: Ես 20-30 ընտանիքներու կամ անհատներու ներկայութիւնը կ'ենթադրէի, բայց ի զարմանս եկեղեցին լեցուն էր: Այնտեղ ներկաներու ցանկ մը կազմուեցաւ, որ մօտաւորապէս 125 ընտանիքներու անուն կը պարունակէր: Ինքնին մեծ թիւ է: Բոլորը Հոմսէն չէին: Շատեր այստեղ ապաստանած էին Հալէպէն եւ ուրիշ վայրերէ, նկատի ունենալով՝ որ ապահով վայր է եւ որոշ չափով աշխատանք գտնելը՝ քիչ մը աւելի դիւրին: Ի վերջոյ Մաշթա ալ Հլուն այնքան ալ մեծ քաղաք մը չէ, այլ գիւղաքաղաք մըն է եւ կարողութիւնը չունի  այսքան մարդ ընդունելու եւ աշխատանք ապահովելու բոլորին. նկատի առած՝ որ նախկին շուկայական կապերը չկան, որպէսզի քաղաքէ քաղաք փոխանցումներ կատարուին»:

Սրբազան Նալպանտեան «Արեւելք»-ին պատմեց, թէ ինչպէս Հոմսի գաղութը մնայուն հոգևոր հովիւ չէ ունեցած, սակայն Դամասկոսի քահանաները ամէն կիրակի հերթաբար կ'երթային եւ Սբ. Պատարագ կը մատուցէին հոն: Պատմեց նաև՝ թէ խնդիրներուն սկիզբը կրցած են եկեղեցւոյ տոմարները փոխադրել Դամասկոսի Առաջնորդարան:

«Վերանորոգման աշխտանքները պիտի սկսինք մօտ օրէն, ինչպէս նաև՝ ամսական դրութեամբ եկեղեցական արարողութիւնները պիտի վերսկսին, որպէսզի ժողովուրդը կրկին մօտենայ  իր  եկեղեցիին: Հոմսի եկեղեցին մեզի համար սրբապղծուած է: Խորանը կանգուն է տակաւին, բայց վերանորոգման խնդիր կայ:  Կան նաեւ նիւթական  ապահովելու  հարցեր, սակայն յուլիս ամսուան արդէն պիտի սկսին ճարտարապետական աշխատանքները  եւ  անկէ ետք հերթաբար պիտի մատուցուին պատարագներ»,-հաստատեց Սրբազան Նալպանտեան:

Հոմսի հայ առաքելական  եկեղեցւոյ վերանորոգման   զուգահեռ աշխատանք  պիտի տարուի վերաբանալու Ազգային Սահակեան վարժարանը: Նախքան պատերազմը, այս շէնքը դպրոց ըլլալու արտօնագիր ստացած էր, ունէր  200 աշակերտներ, որոնցմէ 15-20 հայեր էին:

«Սուրիոյ մէջ պահ մը եկաւ, որ բոլոր դպրոցները պետական անուն պէտք էր ունենային: Ինչպէս Դամասկոսի Թարգմանչաց Ճեմարանը արաբերէնով «Ռիսալէ» (առաքելութիւն) կը կոչուէր, Հոմսի դպրոցը, կոչած են՝ Իսահակեան (Սահակեան) վարժարան»,-ըսաւ Սրբազան Արմաշ:

Գաղութներու  ապագային վերաբերեալ «Արեւելք»-ի  ուղղած   հարցին պատասխանելով Սրբազան Նալպանտեան ըսաւ. «Թարթուսի մէջ 100-է աւելի հայ ընտանիքեր կ'ապրին: Քահանայ մը նշանակուած է Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի համար ու անոնց միջեւ հերթաբար կը տեղափոխուի: Թարթուս սրահի մը մէջ պատարագներ կը մատուցուին, երբեմն ալ քոյր եկեղեցիներու մէջ: Միտքը կայ հոն եկեղեցի մը հիմնել, բայց հիմա շատ դժուար է կողմնորոշուիլ, որովհետեւ ներկայիս հոն հաստատուած հայորդիներուն թիւերը խաբուսիկ են եւ փոփոխական.  մարդիկ շփոթած են, թէ ուր  կրնան  կայք հաստատել եւ մեր ցանկերը հաստատ չեն»: