image

Հրթիռներ ինկած են Դամասկոսի «Ֆայհաա» համալիրին վրայ. Զոհուած է 15-ամեայ պատանի մը

Հրթիռներ ինկած են Դամասկոսի «Ֆայհաա» համալիրին վրայ. Զոհուած է 15-ամեայ պատանի մը

Հրթիռներ ինկած են Դամասկոսի «Ալ-ֆայհաա» մարզական համալիրի վրայ: Այս մասին լուրը հաստատած է  Դամասկոսի ոստիկանութեան հրամանատարութեան աղբիւրը: 

«ՍԱՆԱ» լրատուական գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, սուրիական «Ալ-Ճայշ» ֆութպոլի ակումբի նախագահ Ժեներալ Մուհսէն Ապպաս յայտնած է, որ հրթիռը արձակուած է Արեւելեան Ղութայի մէջ գտնուող զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ, որոնք թիրախաւորած էին «Ալ-ֆայհաա»ի մարզադաշտը, ուր այդ պահուն կը մարզուէին պատանիներու խումբը, որու անդամներու տարիքը 15-էն վար է:  

Ապպաս նաեւ ըսած է, որ հրթիռի պատճառով զոհուած է Սամիր Մուհամմատ Մասհուտը, անդամահատուած է դարպասապահի ոտքը եւ 6 այլ խաղացողներ ծանր վնասուածքներ ստացած են, որոնք տեղափոխուած են պետական հիւանդանոց: