Դամասկոսի մէջ այսօր վիրաւորուած են 2 հայորդիներ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հրթիռները թիրախ դարձուցած են Դամասկոսի Քասսահ-Պապ Թումա թաղամասը, որուն հետեւանքով ալ զոհուած է մէկ անձ եւ վիրաւորուած են ուրիշներ:
Վիրաւորուած հայերը Տէմիրճեան ընտանիքէն են:
Յիշեցնենք, որ Պապ Թումա թաղամասը կը համարուի քրիստոնէաբնակ շրջան մը եւ առաջին անգամը չէ, որ ահաբեկիչներու հրթիռներուն թիրախը կը դառնայ:
Դամասկոսի դէմ արձակուած հրթիռներուն «աղբիւր»ն է «Ղութա» շրջանը, որ մինչեւ այս պահը կը գտնուի ահաբեկիչ զինեալներու տիրապետութեան տակ: