image

Մեծ արկած գեղարքունիքի մէջ. Կան վիրաւորներ

Մեծ արկած գեղարքունիքի մէջ. Կան վիրաւորներ

 

11 մայիսին, խոշոր ինքնաշարժի վթար տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Այս մասին յայտնած է Shamshyan.com-ը:
 Ժամը 21:00-ի սահմաններուն Սեւան-Մարտունի-Վարդենիս ճանապարհին բախուած են Արարատի մարզի բնակիչ, 53-ամեայ Մհեր Ղազարեանի վարած Հինո մակնիշի եւ Գեղարքունիքի մարզի բնակիչ, 34-ամեայ Կարէն Գալստեանի վարած ВАЗ 2107 մակնիշի մեքենաները:
Ինչպէս կը յայտնէ Գագիկ Շամշեանը, վթարի հետեւանքով  07-ի վարորդն ու անոր ուղեւոր, Գեղարքունիքի մարզի բնակիչ, 39-ամեայ  Գագիկ Վերդեանը մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Մարտունի» բժշկական կեդրոն: 

Պարզուած է, որ վարորդներէն Մ. Ղազարեանը կը ծառայէ ՀՀ ՊՆ N զօրամասին մէջ, մեքենան ալ հաշուառուած է ՀՀ ՊՆ  հաշուեկշռին մէջ, որու համար ալ դէպքի վայր ժամանած են նաեւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան Ռազմական ոստիկանութեան Մարտունիի Ռազմական ոստիկանութեան բաժնի ծառայողները:

Փաստի առթիւ Ռազմական ոստիկանութեան հետաքննիչ Մովսիսեանի կողմէ նիւթեր կը նախապատրաստուին: