«Հրդեհի ենթարկուած հայ կեդրոնը միայն սովորական կեդրոն մը չէ, այլ խորհրդանշական իմաստներ ունեցող վայր է, որովհետեւ նախքան եկեղեցիին գոյութիւնը այդ կեդրոնին մէջ եղած են համայնքի զաւակներուն անձնական մակարդակի տօնախմբութիւնները, նշանտուք, պսակ եւ այլ առիթներ» այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեց Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Սմբատ վրդ. Սապունճեան։
Հայր Սուրբը, պատասխանելով Սագօ Արեանի հարցումներուն, նաեւ նշեց, որ շրջանի ոստիկանութեան կողմէ ներկայացուցած առաջին տեղեկութիւնները կ՚ըսեն, որ օրեր առաջ ծագած եւ մեծ վնասներ պատճառած հրդեհը միտումնաւոր կերպով եղած է եւ հետեւանք չէ ելեկտրական հոսանքի խանգարումներուն։
Հայր Սմբատ նաեւ նշեց, որ գաղութը 60 տարուան գաղութ է, եւ ոչ մէկ անգամ նման դէպք գրանցուած է ըսելով նաեւ, որ եղած հրդեհը պէտք է համարել երկու ամիսներ առաջ շրջանի «Գռուզեան-Զաքարեան վարժարան»ին վրայ եղած վանտալիզմի շարունակութիւնը, ըսաւ նաեւ, որ համայնքը մեծ յոյս ունի, որ իրաւապահ մարմիններ ի վերջոյ կը կարողանան բացայայտել եւ պատժել եղած հակահայ եւ ատելավառ դէպքերուն պատասխանատուները։
Տ. Սմբատ վրդ. Սապունճեանին հետ «Արեւելք»ի ունեցած հարցազրոյցը՝ տեսանիւթով.