image

Հրատապ. Վարչապետ Ատիպ հրաժարեցաւ նոր կառավարութիւն կազմելու իրեն վստահուած առաքելութիւնէն

Հրատապ.  Վարչապետ Ատիպ հրաժարեցաւ նոր կառավարութիւն կազմելու իրեն վստահուած առաքելութիւնէն

Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ Լիբանանի վարչապետ նշանակուած Մուսթաֆա Ատիպ  լիբանանցիներէն ներողութիւն խնդրեց, եւ յայտարարեց, որ պիտի չկարողանայ նոր սպասուած կառավարութիւն մը կազմել։

 Այս  մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան ԶԼՄ-ներէ։

 Ատիպ յայտարարութիւնը կատարեց  Պաապատայի նախագահական պալատ այցէն ու նախագահ զօր. Միշէլ Աունին հետ իր ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս ետք։

 

 Ան հակիրճ խօսք մը արտասանելով թուարկեց այն հանագամանքները, որոնց հիմքով ալ նշանակուեցաւ երկրի վարչապետ ու նաեւ ըսաւ, որ նկատելէ ետք առկայ անհամաձայնութիւնները եւ սուր տարակարծութիւնները որոշեց հրաժարիլ նոր կառավարութիւն կազմելու առաքելութիւնէն։