image
Հրատապ լուրեր:

Հրատապ. Տարհանուած են «Նոթր Տամ» տաճարի կից գտնուող դպրոցի մը սաները

Հրատապ. Տարհանուած  են  «Նոթր Տամ»  տաճարի  կից գտնուող  դպրոցի մը    սաները

Քիչ  առաջ  տարհանուած են     Փարիզի կեդրոնական  հատուածին մէջ     գտնուող   վարժարանի մը    աշակերտները։

 Այս  մասին  տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ Հատաս»   կայանը։ Աղբիւրը նաեւ նշեց,  որ   Փարիզի ոստիկանութիւնը   ահազանգ   ստացած է, որուն համար ալ  արագօրէն    դուրս  բերուած են   նշեալ  դպրոցին աշակերտները։

 

  Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  2015 թուականէն ի վեր Փարիզի մէջ ահաբեկչական  արարքները    յաճախակի   սկսած են   դառնալ  եւ   այդ թուականէն ի վեր  մինչեւ մեր  օրը ահաբեկչական     յարձակումներու  հետեւանքով  Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ     զոհուած են  130 անձեր։