image

Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող ռազմագերի՝ Մելս Ամբարդեանի եղբայրը նստացոյց սկսած է

Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող ռազմագերի՝ Մելս Ամբարդեանի եղբայրը նստացոյց սկսած է

 

Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ գտնուող հայ զինծառայողներու շարք մը հարազատներ նստացոյց սկսած են՝ պահանջելով կառավարութենէն քայլեր ձեռնարկել իրենց հարազատներու՝ Ատրպէյճանի մէջ ընթացող կեղծ դատավարութւնները դադարեցնելու եւ անոնց Հայաստան վերադարձնելու ուղղութեամբ: Այս մասին կը տեղեկանանք գերեվարուած Մելս Ամբարդեանի եղբօր դիմատետրեան էջէն:

 

«Ես` Տիգրան Կարապետի Ամբարդարեանս` գերեվարուած Մելս Ամբարդարեանի եղբայրը, ինչպէս նաեւ մեր գերեվարուած միւս տղաների ծնողները ՀՀ ներկայիս իշխանութիւններից պահանջում ենք Ատրպէյճանի դիմաց պահանջ դնել՝ անյապաղ դադարեցնել մեր եղբայրների նկատմամբ կեղծ դատավարութիւնը եւ վերադարձնել Հայաստան առանց նախապայմանների։

Այս պահից սկսած յայտարարում եմ անժամկէտ նստացոյց»,- գրած է Տիգրան Ամբարդեանը: