image

Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող գերիներուն ծնողները բողոքի ցոյց կատարեցին

Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող գերիներուն ծնողները բողոքի ցոյց կատարեցին

Գերեվարուած հայ զինծառայողներու ծնողներն ու հարազատները 24 Յունիսին բողոքի արշաւ կայացուցած են Հայաստանի կառավարութեան շէնքի դիմաց:

Ցուցարարներէն մէկուն համաձայն՝ իշխանութիւնները անընդհատ կ'ըսեն, որ պէտք է քիչ մըն ալ սպասել, որ՝ գերիները հաստատ տուն կը վերադարձնեն, եւ որ այս պահուն բանակցութիւններ կ'ընթանան: «Բայց ես այլեւս չեմ կարող սպասել, համբերութիւն չունեմ: Վերջ, այլեւս չեմ դիմանում, եօթ ամիս դիմացայ»,- ըսած է ծնողներէն մէկը:

Անոնք նաեւ կասկած յայտնած են, որ գերութեան մէջ գտնուող իրենց երեխաները կը կարողանան դիմանալ երկու ամիս եւս, ինչպէս յայտարարած էր հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը: «Իրավիճակն էլ աւելի է վատացել: Այն ժամանակ նրանց դէմ գոնէ քրէական գործեր չէին յարուցում, դատական ​​վճիռներ չէին կայացնում, բայց հիմա նրանք մեղադրուում են ահաբեկչութեան մէջ եւ կարող են բանտ նստել: Մի՞թէ մենք ահաբեկիչներ ենք դաստիարակել»,- ըսած է գերիներէն մէկուն հայրը:

Կիներէն մէկը, իր հերթին շեշտած է, որ իրենց երեխաները գացած են հայրենիքը պաշտպանելու, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ մէկ ձեւով կը պաշտպանեն իրենց քաղաքացիներու իրաւունքները: «Այդ տղաների կեանքը ոչ ոքի չի հետաքրքրում, նրանց ապագան չի հետաքրքրում: Ասում են, որ կայ ապագայ («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կարգախօսը Հայաստանի մէջ վերջերս կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն - խմբ.): Այդ ի՞նչ ապագայ է. Բաքուի բա՞նտը: Դա՞ է որդուս ապագան»,- ըսած է ատրպէյճանցիներու կողմէ գերեվարուած զինուորի մայրը: