Հրատապ լուրով մը լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը յայտարարեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը պիտի փակուի։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այս մասին տեղեկութիւնը տակաւին պաշտօնական չէ։
Կը նշուի նաեւ, որ «Քորոնա» վարակի տարածման դէմ ձեռք առնուած քայլերուն առընթեր նախատեսուած է չորեքշաբթի օր 4 օրուան համար փակել Պէյրութի միջազգային օդակայանը։
Փակման որոշումը պիտի ներգրաւէ նաեւ Պէյրութի եւ այլ շրջաններու նաւահանգիստները։
Այս քայլով Լիբանան գրեթէ մեկուսած պիտի ըլլայ արտաքին աշխարհէն, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Սուրիա-Լիբանան ցամաքային սահմանը եւ բոլոր անցքերը պիտի փակուին։
Նշենք, որ «Քորոնա» վարակին հետեւանքով Լիբանանի մէջ զոհուածներուն թիւը հասած է 3-ի, իսկ վարակակակիրներունը անցած է 100-ը։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն արտակարգ դրութիւն յայտարարած էր երկրին մէջ։