Հալէպի մէջ այսօր շնորհակալութեան երթ մը տեղի ունեցած է։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։
Մեր տեղեկութիւններով մեծ թիւով հայորդիներ, գլխաւորութեամբ Հալէպ քաղաքի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի մարզիկներուն, անդամներուն , սկաուտ- արենուշներուն եւ մեծ թիւով հայ եւ տեղացի հալէպցիներու, մասնակցած են շնորհակալութեան երթին, որ ընթացք առած է Հալէպի հայաշատ «Վիլլաներ» թաղամասէն՝ հասնելու համար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, ուր կը կայացուէր կիրակնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Երթը առաջնորդած է ՀՄԸՄ-ի նշանաւոր փողերախումբը, որ այս առթիւ կատարած է ազգային-հայրենասիրական յաւուր պատշաճի երգեր։
Երթին մասնակից սկաուտները, որպէս շնորհակալութեան եւ երախտիքի արտայայտութիւն բարձրացուցած են ՀՄԸՄ-ի՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան , ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Հանրապետութեան զինանշանն ու երկրի նախագահ Պաշշար Ասատի լուսանկարները։
Յիշեցնենք, որ անցնող օրերուն Հալէպի մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր՝ քաղաքի արեւմտեան հատուածի վերջնական ազատագրութեան առթիւ։
Շուրջ ութ տարուան դադարէ ետք սկսած է գործել Հալէպի միջազգային օդակայանը, իսկ Հալէպ-Դամասկոս գլխաւոր ճանապարհը արդէն իսկ բացուած է՝ նոր յոյս մը տալով երկար ժամանակէ կիսով չափ մեկուսացած հալէպցիներուն։