image

ՀՄԸՄ դատապարտեց իր միութեան ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեանին դէմ եղած յարձակումը

ՀՄԸՄ դատապարտեց իր միութեան ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեանին դէմ եղած յարձակումը

Լիբանանի պասքեթպոլի մրցումներու ծիրէն ներս կիրակի օր տեղի ունեցած մրցումի աւարտին, արաբական Սաժես խումբի համակիրներ յարձակած են ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներէն Ճորճ Սապունճեանի վրայ:

ՀՄԸՄ մարզական ակումբը դատապարտած է եղածը եւ այդ առումով ալ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ.-

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը երէկ` 21 յունուարին հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.


Մեկնելով կիրակի, 20 յունուար 2019-ին, Ղազիրի մէջ Սաժես եւ Շանվիլ ակումբներուն միջեւ տեղի ունեցած պասքեթպոլի մրցումին ընթացքին արձանագրուած հարցերէն եւ միջադէպերէն` կ’ուզենք կատարել հետեւեալ յստակացումները.

  1. ՀՄԸՄ-ը խստօրէն կը դատապարտէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ միութեանս ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեանին վրայ կատարուած յարձակումները, յատկապէս Սաժեսի կարգ մը համակիրներուն կողմէ:
  2. Միութիւնս պատկերասփիւռի «Էլ. Պի. Սի.» կայանէն սփռուած տեսարանները կը պահանջէ նկատի ունենալ իբրեւ տեղեկութեան փոխանցում` ապահովական եւ դատական իշխանութիւններուն:
  3. Մրցումի աւարտին յաջորդած դէպքերուն եւ հրմշտուքին ընթացքին արձանագրուած վիրաւորներուն կը մաղթէ շուտափոյթ ապաքինում:
  4. Վարչութիւնս կը հրաւիրէ համապատասխան ապահովական մարմինները անհրաժեշտ քայլերուն դիմելու եւ հետաքննութիւն կատարելու` պատրաստակամութիւն յայտնելով իր կարելիութիւնները դնելու տուեալ մարմիններուն տրամադրութեան տակ, որպէսզի կարելի ըլլայ միջադէպերուն պատճառ դարձողներէն հաշիւ պահանջել եւ արգիլել նման դէպքերու կրկնութիւնը` ի խնդիր բարձր ոգիով մրցակցութեան եւ քաջալերելով մարզական մաքուր խաղը:
  5. Շրջանային վարչութիւնս կը դիմէ քոյր ակումբ Սաժեսի նորընտիր վարչական մարմինին` պահանջելով, որ սանձէ իր համակիրները, ցաւ յայտնելով այն միջադէպերուն համար, որոնք արձանագրուեցան մրցումի աւարտին` յուսալով, որ յաջորդ մրցումները կը կատարուին մարզական ոգիով:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ