image

ՀՀԿ-ն քաղաքապետի յառաջիկայ ընտրութիւններուն թեկնածու պիտի չառաջադրէ. Շարմազանով

ՀՀԿ-ն քաղաքապետի յառաջիկայ ընտրութիւններուն թեկնածու պիտի չառաջադրէ. Շարմազանով

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը  քաղաքապետի թեկնածու պիտի չառաջադրէ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանով:

Հարցումին, թէ ինչն է պատճառը, որ թեկնածու չեն առաջադրեր, ԱԺ փոխխօսնակը նշեց, որ չի կրնար պատճառներու մասին խօսիլ, կուսակցութիւնը այդպէս որոշած է:

«Գուցէ այսօր աւելի կարեւոր հարցեր կան Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ, քան  ՏԻՄ ընտրութիւններն են, բայց ես կը գտնեմ, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պէտք է աշխոյժ մասնակցի բոլոր ընտրութիւններուն»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ ատիկա իր անձնական կարծիքն է եւ միշտ չէ, որ իր կարծիքը կուսակցութեան մէջ մեծամասնութիւն է:

Դիտարկումին, երբ իրենց կուսակցութիւնը իշխանութիւն էր, ինք կը յորդորէր ընդդիմութեան մասնակցիլ ՏԻՄ ընտրութիւններուն, էդուարդ Շարմազանով նշած է, որ քաղաքական գործիչները իրադարձութեան փոփոխութեան պայմաններու մէջ կրնան իրենց կարծիքը փոխել:

Ան նաեւ նշած է, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՀԿ-ի չմասնակցիլը պայմանաւորուած է շարք մը հանգամանքներով. «Նախ եւ առաջ անով, որ Հայաստանի մէջ այսօր հետիշխանափոխական իրավիճակ է, հիմնական թատերաբեմը Ազգային Ժողովն է եւ աւելի կարեւոր արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներ կան Հայաստանի համար, քան ՏԻՄ ընտրութիւնները»:

Պատասխանելով Ազգայի Ժողովի  ընտրութիւններուն մասնակցութեան մասին հարցումին` Էտուարտ Շարմազանով ըսած է, որ երբ ընտրութիւններուն օրը որոշուի, այդ ժամանակ կը պատասխանէ: Ան միաժամանակ նշած է, որ եթէ կուսակցութիւն մը ԱԺ ընտրութիւններուն չմասնակցի, ապա այդ կուսակցութիւնը պէտք է մեծ կղպանք դնէ դրան վրայ եւ գրէ` «փակուած է»:

«Ես չեմ կարծեր, որ ՀՀԿ-ն ստեղծուած է անոր համար, որ թէկուզ իշխանափոխութենէն ետք չմասնակցի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն: Իմ խորին համոզումով, ՀՀԿ-ն  դեռ շատ լուրջ ըսելիք ունի»,- ընդգծած է Շարմազանով: