22 Մայիսին, ժամը 13.30-ի սահմաններուն, ՀՀ հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին վրայ յայտնաբերուած է ժամկէտային զինծառայող, շարքային Մարտին Գրիգորի Խաչատրեանի (ծնած 1998, 2017-2 զօրակոչ, Գիւմրիի ԶԿ) դին։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Դէպքի հանգամանքները պարզելու համար քննութիւն կը կատարոււի:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: