Արարատի մարզին մէջ, 7 Յուլիսին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 19։20-ի սահմաններուն ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան 9-11 կառավարման կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ Ազատի ջրամբարին մէջ դի կայ եւ այն դուրս բերելու համար անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը։
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, փրկարարներն ու ոստիկանները, յետոյ անոնց միացած ԱԻՆ ջրասուզակները ամբողջ գիշեր որոնողական աշխատանքներ կատարած են, սակայն մթութեան ու անբարենպաստ եղանակի պատճառով աշխատանքները կէսգիշերն անց դադարեցուած են։
8 Յուլիսին, վերսկսած են։ Փրկարարներն ու ոստիկանները ջրամբարի տարածքին եւ անոր յարակից վայրերուն մէջ յայտնաբերուած են մեծ թիւով մարդկային գանկեր, մարմնի ոսկորներ։
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ այդ ամէնը նշուած վայրին մէջ յայտնուած է, երբ ջուրի մակարդակի բարձրացման պատճառով մօտակայքը գտնուող հին գերեզմաններուն մէջ փլուզում տեղի ունեցած է, ու այդ ամէնը յայտնուած է բաց տարածքի մէջ։
Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Արարատի բաժնի հետաքննական բաժանմունքէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին։