image

ՀՀ Նախագահը Երեւան իր վերադարձին հարցազրոյց տուած է հայրենի լրագրողներուն (Տեսանիւթ)

ՀՀ Նախագահը   Երեւան իր վերադարձին   հարցազրոյց տուած է հայրենի լրագրողներուն (Տեսանիւթ)

Հայաստանի  Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Վիեննայէն Երեւան   վերադարձին հարցազրոյց մը տուած է հայրենի լրագրողներուն: Այս  մասին      տեղեկութիւնը  տուած է  ՀՀ նախագահի մամլոյ խօսնակ Վլատմիր Յակոբեան   որ նոյնպէս   օդանաւին մէջ առնուած  լուսանկար մը տեղադրած է   Թվիթըրի  իր էջին վրայ:  Նշենք, որ երէկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբի համանախագահողներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու ներկայութեամբ Ղարաբաղի հակամարտութեան    յատկացուած   կարեւոր ժողով մը կայացուած էր:  Մասնակիցները վերահասատատծ էին խնդիրը քաղաքական  ճանապարհով լուծելու իրենց  յանձնառութիւնը: