Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան՝ նշելով, որ այն առաջին քայլն է, որ թոյլ պիտի տայ տեղահանուած բնակչութեան վերադառնալ իրենց տուները։
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ալ յայտարարած է, որ փաստաթուղթի կնքումը հարուած էր Իրանին, որովհետեւ ՑԱՀԱԼ-ը պիտի շարունակէ մնալ Հարաւային Լիբանանի մէջ, մինչեւ Իսրայէլին սպառնացող վտանգը ամբողջութեամբ վերանայ։
Համաձայնագիրի կնքումէն ետք Լիբանան–Իսրայէլ սահմանին ընդհանուր առմամբ հանդարտ վիճակ տիրած է, սակայն աւելի ուշ յայտարարուած է, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը հարուածած է Նապաթիէի շրջանը։ Տուժածներու մասին տեղեկութիւն չէ հաղորդուած։
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը ողջունած է փաստաթուղթի ստորագրութիւնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներուն միջնորդութեան համար եւ շեշտելով, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ, եթէ Լիբանանը կրակին մէջ է։
Պաշտօնեան աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը 100 միլիոն եւրօ տրամադրած է տեղահանուածներուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար։