ԿԸՅ-ն կը մերժէ ներկայացուած բոլոր 7 դիմումներն ամբողջութեամբ։ Այս մասին յունիս 27-ին Սահմանադրական դատարանէն ներս յայտարարած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը։
ՍԴ-ն յունիսի 26-էն բանաւոր ընթացակարգով կը քննէ ԱԺ ընտրութիւններու արդիւնքները բողոքարկող եօթ քաղաքական ուժերու դիմումները:
«ԿԸՅ-ն մերժում է ներկայացրած բոլոր 7 դիմումներն ամբողջութեամբ, գտնում է, որ վիճարկուող որոշումը իրաւաչափ է, կայացել է ՀՀ ընտրական օրէնսգրքի պահանջների պահպանմամբ, ուստի խնդրում ենք դիմումները մերժել»,- յայտարարած է ԿԸՅ նախագահ Վահագն Յովակիմեանը։
Այսօր Սահմանադրական դատարանէն կը շարունակուի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու արդիւնքները բողոքարկող եօթ քաղաքական ուժերու դիմումներու քննութիւնը։ Դատական նիստին որպէս պատասխանող հանդէս եկած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը։
Գործով Սահմանադրական դատարանի որոշման հրապարակման վերջնաժամկէտը յուլիս 4-ն է։