Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Վիեննայէն Երեւան վերադարձին հարցազրոյց մը տուած է հայրենի լրագրողներուն: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ նախագահի մամլոյ խօսնակ Վլատմիր Յակոբեան որ նոյնպէս օդանաւին մէջ առնուած լուսանկար մը տեղադրած է Թվիթըրի իր էջին վրայ: Նշենք, որ երէկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբի համանախագահողներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու ներկայութեամբ Ղարաբաղի հակամարտութեան յատկացուած կարեւոր ժողով մը կայացուած էր: Մասնակիցները վերահասատատծ էին խնդիրը քաղաքական ճանապարհով լուծելու իրենց յանձնառութիւնը: