Մենք նախնական պայմանաւորուածութիւն ունեցած ենք Պետրոս Ղազարեանի հետ, որ «Հանրային» Հեռուստաընկերութեան Քոչարեանը հարցազրոյց պիտի տայ, եւ որ այդ հարցազրոյցը պէտք է տեղի ունենայ նախագահի համար յարմար վայրի մէջ, ինչպէս այդ տեղի կ'ունենայ վերջին բոլոր տարիներուն, եւ, ընդհանրապէս, նման փորձ կայ, որ այդ հասարակակն դիրքը ունեցող մարդոց համար հեռուսաընկերութիւնները յատուկ մօտեցում կը ցուցաբերեն, սա սովորական երեւոյթ է, ոչինչ կայ։ Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է «Հայաստան» դաշինքի անդամ Վիքթոր Սողոմոնեանը։
«Մենք պայմանաւորուեցինք այդ մասին, ֆիքսեցինք հարցազրոյցի օրը, ցաւօք սրտի, դրանից մի քանի օր յետոյ, ինձ տեղեկացրին, որ «Հանրային» ՀԸ տնօրինութիւնը կտրականապէս դէմ է, որ լինի արտագնայ հաղորդում, իրենք պայման դրեցին, որ մենք պէտք է գնանք տաղաւար, այնտեղ պէտք է լինի տեսագրութիւնը։ Մեզ համար ցանկացած նախապայմանի առկայութիւնն այս պարագայում արդէն խնդրայարոյց էր, բայց այստեղ հասկանալի դարձաւ, որ պայմանաւորուածութիւնները չեն պահուում, եւ յստակ էր, որ մենք գուցէ պայմանաւորուենք նաեւ տաղաւարային հանդիպման մասին, բայց դա եւս 1-2 օր առաջ չեղարկուէր»,-մանրամասնած է ան։
«Նաեւ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նոյն վայրում գտնուելն ամօթալի է, ուր մնաց՝ ինչ-որ բանի մասին բանակցելը»,-ըսած է ան: