Երէկ վախճանած Հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Կռանեանի վերջին օծումն ու թաղման կարգը պիտի կատարուին յառաջիկայ շաբաթ օր: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգին պիտի հանդիսապետէ եւ նախագահէ Կաթողիկէ Հայոց պատրիարք Տ. Գրիգոր Ի. Կապրոյեանը: Արարողութիւնները պիտի կայացուին Հայ Կաթողիկէ Զմմառու վանքէն ներս յաւարտ Սուրբ Պատարագի: