image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ն կանգնած է Հայաստանի կողքին խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ․ Ռուպիօ

ԱՄՆ-ն կանգնած է Հայաստանի կողքին խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ․ Ռուպիօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն շնորհաւորած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վերընտրուելու կապակցութեամբ։

«Կը շնորհաւորեմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ իր կուսակցութեան վերընտրման առթիւ: Միացեալ Նահանգները կանգնած է վարչապետ Փաշինեանի եւ Հայաստանի կողքին խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ, եւ մենք յանձնառու ենք առաջ մղելու Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած պատմական խաղաղութեան գագաթնաժողովի նպատակները, ներառեալ Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Թրամփի ուղիի (TRIPP) իրականացումը:

Մենք անհամբեր կը սպասենք համատեղ աշխատանքին Հարաւային Կովկասի մէջ եւ ատկէ այն կողմ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում ապահովելու համար»,- գրած է Ռուպիոն: