image

Քոչարեանի ճամբորդութեան դէմ արգելք ՀՀ իրաւապահներէն

Քոչարեանի ճամբորդութեան դէմ արգելք ՀՀ իրաւապահներէն

Ըստ տարածուող լուրերու՝ Ռոպերթ Քոչարեանին իրաւապահները չեն թողած հեռանալ Հայաստանէն։

Աւելի ուշ տեղեկութիւնը լրագրողներու հետ զրոյցին հաստատած է անոր որդին՝ Լեւոն Քոչարեանը, ըսելով, որ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին Զուարթնոց օդակայանին մէջ թոյլ չեն տուած լքել ՀՀ տարածքը:

«Հերթական ապօրինութիւնն է այս իշխանութիւնների կողմից։ Նման բան անելու համար պէտք է որեւէ նոր մեղադրանք առաջադրուի, իսկ առաւել եւս այս փուլում դրա համար պէտք է լինի ԿԸՅ [թոյլտւութիւն]»,-ըսած է Քոչարեանը։ 

Նշենք, որ աւելի վաղ Քոչարեանի գրասենեակէն յայտնած էին, որ ան անձնական բնոյթի հարցերով եռօրեայ այցով պիտի մեկնի ՀՀ-էն։

Աւելի վաղ Հայաստանէն «քանի մը օրով գործնական այցելութեամբ» հեռանալու փորձ ըրած էին Գագիկ Ծառուկեանն ու Նարեկ Կարապետեանը, որոնց նոյնպէս թոյլ չէր տրուած մեկնիլ երկրէն։